Կիրակի, 14 Դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առիթով, Գանատայի ՀայոցԹեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ Պատարագմատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ ՎարդապետԵագուպեան եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան։

 

Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց նորակազմ Հոգաբարձութեանօրհնութիւն:

 

Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան Գիրով գնահատանեց ու շնորհաւորեց Սուրբ ՅակոբԱռաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ ՔահանայԳոյունեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 30-ամեակին եւ եկեղեցւոյ ու ազգին իրանձնուէր ծառայութեան առիթով։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց Հայր Յակոբը։

 

«Սուրբերը մեր կեանքին մէջ մեզի համար օրինակներ են։ Սուրբ Յակոբը իր ճգնաւորական կեանքիօրինակով, աղօթական ապրումով, խոնարհութեամբ, հնազանդութեամբ եւ հաւատարմութեամբուղեցոյց եղած է մեր ամէնօրեայ կեանքին ընթացքին։ Մանաւանդ որպէս հաւատքի հերոս՝ ան խորփափաք ունէր հասնելու Արարատ լերան գագաթը՝ փնտռելու եւ գտնելու Նոյեան տապանէն մասունք մը, որպէսզի վերանորոգէ եւ հաւատք ներշնչէ հայ ժողովուրդին», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

 

Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ ՄայրԵկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Ապա, գնահատեց Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան անդամներուն, Սարկաւագաց Դասին եւ Դպրաց Դասի անդամներուն ծառայութիւննու նուիրուածութիւնը։

 

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

IMG_5607

Image 1 of 10