Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը՝ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեանանդամներուն։

 

Հանդիպման ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան եւ Ազգային ՎարչութեանԱտենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։

 

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Անդամներուն կ՚ընկերակցէր, ՀՕՄ-ի ԿեդրոնականՎարչութեան մօտ Գանատայի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Արմինէ Կարապետեանը։

 

Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Լիւսի Շահինեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօրհիւրընկալութեան համար եւ ներկայացուց նորընտիր կազմի անդամներն ու ՀՕՄ-ի ԳանատայիՇրջանային Վարչութեան եկող տարուան ծրագիրները։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը, մաղթելով՝ յաջողութիւն, համբերութիւն եւ օրհնեալ ծառայութիւն։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ