Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, ընդունեց այցելութիւնը Մոնթրէալաբնակ բանաստեղծուհի՝ ԱնահիտՊալեանի։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տիկին Պալեանի գիրի ու գրականութեան հանդէպ ունեցածսէրը եւ շնորհաւորեց վերջերս լոյս տեսած անոր «ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ» բանաստեղծական հատորը։

 

Հանդիպման աւարտին, Տիկին Անահիտ Պալեան իր գիրքէն օրինակ մը նուիրեց Առաջնորդ ՍրբազանՀօր։

 

Յայտնենք, որ գիրքին մէջ բանաստեղծութիւն մըն ալ ձօնուած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

 

Ներքոյ կը գտնէք բանաստեղծութիւնը.-

«Հոգեւորն ու ազգայինը միաձուլած՝

Յուսադրիչ պատգամներով

Ու ոգեւորիչ յորդորներով հայրենական

Անշէջ շունչն էք հայի։

Դաստիարակիչ ձեր խրատներով,

Մեղաւորներս ինքնաքննութեան հրաւիրող

Ձայնն էք Արարչի։

Թող Ձեր օրհնութիւնն անպակաս ըլլայ

Լուսաւոր դէմքը Ձեր՝ թող միշտ շողշողայ»։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ