Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ին, հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ ԱռաջնորդԳերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Օնթարիօ Նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ տեղիունեցաւ Հոգաբարձութեանց եւ Երեսփոխաններու տարեկան խորհրդաժողովը։
Խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանի աղօթքով։
Աղօթքէն ետք, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան փոխանցեց ԱզգայինՎարչութեան խօսքը։ Տիկին Ատենապետը ողջունեց մասնակից երեսփոխաններու ու հոգաբարձուներուներկայութիւնը եւ գնահատեց անոնց նուիրուածութիւնը։
«Մարդոյժի պատրաստութեան առաջնահերթութիւնը բոլորիս պատասխանատուութիւնն է։ Բոլորսմիասնաբար պարտաւոր ենք ապահովել, որ մարդոյժի պարաստութիւնը ըլլայ շարունակական եւնպատակաուղղուած», ըսաւ Տիկին Ատենապետը։
Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը կատարեց խորհրդածութիւն մը, ուր ներկայացուց՝«Քրիստոսով մէկ մարմին» նիւթը։ Հայր Սուրբի ընտրած բնաբանն էր. «Ապրինք ճշմարտութեանհամաձայն, սիրով, եւ հետզհետէ աճինք Քրիստոսի հետ մեր միութեան մէջ, որովհետեւ ի՛նքն է գլուխը, որմարմինը իր բոլոր մասերով ներդաշնակ միասնութեամբ մը իրարու կը կապէ, բոլոր յօդերու օգնութեամբ։Եւ երբ իւրաքանչիւր մաս պէտք եղածին պէս կը գործէ՝ մարմինը կ՚աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ» (Եփեսացիս 4:15-16):
Խորհրդածութենէն ետք, Ազգային Վարչութեան Անդամներէն Պարոն Յակոբ Պուլկարեան, ներկայացուց՝«Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաքելութիւնը՝ Սփիւռքի ժամանակակից միջավայրին մէջ» նիւթը։ ՊարոնՅակոբ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան ումարտահրաւէրներուն մասին։
Ապա, ներկաներուն բաժնեց խումբերու եւ իւրաքանչիւր խումբի տրամադրեց նիւթ մը, որպէսզիխորհրդածեն։ Ներկայ Երեսփոխաններն ու Հոգաբարձուները խորհրդածելէ ետք տուեալ նիւթերունմասին, իւրաքանչիւր խումբի ներկայացուցիչ ներկայացուց իր խմբէն բխած եզրակացութիւնը։
Երկրորդ ներկայացումը կատարեց, Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, ներկայացնելով «Վասն Ինքնաճանաչման» նիւթը։ ՀայրՍուրբի նիւթը ներկայացումն էր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նոր լոյս տեսած՝ «In Search of Self-Understanding» գիրքին։
Հայր Սուրբի ներկայացումէն ետք, Ազգային Վարչութեան Անդամ՝ Բարեշնորհ Թորոս Սրկ. Պապիկեաններկայացուց՝ «Հոգաբարձութեան դերը Եկեղեցւոյ այսօրուան կեանքին մէջ» նիւթը։ Թորոս Սարկաւագըիր ներկայացման մէջ անդրադարձաւ Ազգային Սահմանադրութեան, Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան, Գանատայի Հայոց Թեմի վարչական գործունէութեան, ՀոգեւորՀովիւներու եւ հոգաբարձական կազմի անդամներու համագործակցութեան ու իւրաքանչիւրինպարտականութիւններուն մասին։
Աւարտին, Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը եզրափակեց խորհրդաժողովը եւփոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնն ու գնահատանքը։
Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Հայր Գեղարդի «Պահապանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգիերգեցողութեամբ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

