Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հայրապետական ընտրութեան եւ օծման 30 ամեակինառիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւորգեղարուեստական յայտագիր, որուն ներկայ եղան հոծ թիւով ազգայիններ՝ առաջնորդ սրբազանին ուհոգեւոր դասուն, ազգային վարչութեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու կողքին:

 

Համերգի բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային երեսփոխան Համբիկ Գարայեան, որ լուսարձակիտակ բերաւ Վեհափառ Հայրապետին երեք տասնամեակներու վրայ տարածուած նուիրեալ ուանզուգական հովուապետական ծառայութիւը. «այսօր, մեր համայնքը կը կանգնի երախտագիտութեանու հպարտութեան բարձունքին վրայ՝ մասնակից դառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր աննահանջառաջնորդին՝ մեր սիրելի Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30 ամեակին նուիրուած այսյոբելենական հանդիսութեան: Երեսուն տարիներ, երեսուն բեղուն, հրաշազարդ, մարտահրաւէրներով ուծառայութեամբ լեցուն տարիներ՝ ի սպաս մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, մեր ազգին եւ արդարութեան որոնման։Այսօր, երբ կը նշենք այս հանդիսաւոր երեսնամեակը, կը նշենք նաեւ ամբողջ սերունդի մըգիտակցութեան ձեւաւորումը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս եղած է ու կը մնայ մեր ազգի մարտունակութեանոգին եւ արդարութեան ձայնը՝ ընդդէմ բոլոր սպառնացող մարտահրաւէրներուն, ի խնդիր հայժողովուրդի իրաւունքներու ու հայ դատի պաշտպանման եւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու անորինքնիշխանութեան իրաւունքի վերականգնման։ Ան կը մնայ խիղճի՛ ձայնը եւ յոյսի՛ փարոսը՝ Լիբանանիու Սուրիոյ համայնքներու մեր զաւակներուն, անոնց ծանր ու տագնապալից օրերուն. այլեւ ամբողջակա՛նհայութեան ձայնը, վասն հայ եկեղեցւոյ, Սփիւռքին եւ Հայրենիքի պաշտպանման ու վերելքին»:

 

Օրուան բանախօսն էր Հորիզոն Շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։ Ան իրխօսքին սկիզբը Կիլկիոյ կաթողիկոսութեան վերջին եօթը դարերու պատմական հակիրճ ակնարկըկատարեց. ապա ըսաւ. «այսօրուան հանդիսութեան մեզի վիճակուած սահմանափակ ժամանակով, անկարելի պիտի ըլլայ ներկայացնել Նորին Սրբութիւն Արամ Վեհափառին հայրապետականգահակալութեան 30-ամեայ գործունէութեան համայնապատկերը ամբողջական ու մանրամասն, սակայն պիտի փորձենք, սեղմագրուած ու համապարփակ, ի մի բերել հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայոց պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած Արամ Ա. Վեհափառին առաքելատիպ ուհոգեւոր առաքելութեան ժամանակագրութիւնը, իր գործունէութեան ճանաչողութիւնն ուպատմագրական ուրուագիծը»։ Գարագաշեան իր բանախօսութիւնը կեդրոնացնելով Հայրապետինաբեղայական օծման շրջանէն մինչեւ մեր օրերը՝ ըսաւ. «Արամ Վեհափառի գահակալութեան 30 տարիները եղած են բեղմնաւոր աշխատանքի, սիրոյ ու նուիրումի տարիներ։ Ան այսօր կը կը նշէ իրգահակալութեան 30 ամեակը, նոր մարտահրաւէրներով, երբ հայրենազրկութեան արհաւիրքը կըկրկնուի այսօր Արցախի մէջ, երբ մեր ինքնութեան ու ազգային արժէքները քայքայման ու կորուստիվտանգին տակ կը գտնուին, երբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ հալածանք կըգործադրուի, երբ պատմութեան դասագիրքերը ապազգային կողմնորոշումով կը վերաշարադրուին, երբմինչեւ իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցը կը նսեմացուի, երբ Հայոց Ցեղասպանութեանիրաւատիրութեան նսեմացումով հարուածը կը հասցուի ազգի հաւաքական պատմական յիշողութեան։Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նոյնինքն այդ Ցեղասպանութեան ու արհաւիրքին հետշաղկապուած հոգեւոր էութիւն է, անքակտելի գոյաբանակա՛ն էութիւն, որովհետեւ Կաթողիկոսութիւնըկենդանի ու ապրող վկան է հայոց դէմ գործադրուած եղեռնագործութեան։ Արամ Վեհափառպատմական Հայաստանի, այսօրուան վերանկախացած Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքներունհամար աննահանջ, անյողդողդ ու անվկանդ պայքարած է։ Մեր պատմութիւնը իրաւամբ զինք պէտք էկոչէ Արամ Ա. Հայրենատէր Կաթողիկոս։

 

«Եւ այսօր, մենք, հայութիւնը ազգովին, պէտք է հետեւինք Կիլիկիոյ Նուիրապետական Սուրբ Աթոռիգահակալ Արամ Վեհափառին ազգակերտման ուղեցոյցին, մինչեւ որ յայտնուին արդարութեանճաճանչները, մինչեւ որ գրուի ճշմարտութիւնը, մինչեւ որ, Աստուծոյ կամօք, հայ ազգին համար բացուիպայծառակերտ նոր արշալոյս, մինչեւ որ ուրացման, լռութեան ու ժխտումի պատը քանդուի եւ բացուիհայ ազգի վարդահեղեղ ու ահեղազօր նոր արշալոյսը, մինչեւ որ դարմանուին հոգեխոց ազգինմղկտանքերը, մինչեւ որ շնչահեղձութիւնը վերածենք վերապրումի, մինչեւ որ խաւարը կենսագործենք ուվերածենք ազգի նոր ծննդոցի, մինչեւ արդարապայծառ այն օրը, «երբ բացուին դռներն յուսոյ եւ մերերկրէն փախ տայ ձմեռ…», աւարտեց իր խօսքը Գարագաշեան։

 

Սիրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայից Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ան ըսաւ. «սիրելի հաւատաւոր հայորդիներ, այսօր այստեղ բոլորուած ենք մեր յոբելիարին՝ Մեծի Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան շնորհազարդ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մերորդիական երախտագիտութիւնը ընծայելու անոր, որ իր կեանքը ամբողջ նուիրեց ի փառս Աստուծոյ, իպանծացում հայ եկեղեցւոյ եւ ի պատիւ ողջ հայ ազգին:

«Ողջո՜յն Ձեզ Նորին Սրբութիւն,

Ողջո՜յն հայ ազգի նուիրեալ կրթական մշակին,

Ողջո՜յն միջազգային հարթակներու վրայ իրաւունքը պաշտպանողին,

Ողջո՜յն միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական աննման առաջնորդին,

Ողջո՜յն հայ դատի դրօշակակիրին, մէկ խօսքով՝

Ողջո՜յն հայոց արժանընտիր Արամ Հայրիկին:

Այսօր բերկրաբեր մթնոլորտով կը նշենք Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան ու գահակալութեան 30 ամեակը: Տակաւին այսօրուան պէս կը յիշեմ, ինչպէս Անթիլիասի Մայրավանքէն աւետուեցաւ հայ ազգինիրենց Հայրապետին ընտրութիւնը. իմ յիշողութեան մէջ երեկուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, թէի՜նչ ոգեւորութեամբ ղողանջեցին Մայր Տաճարին զանգերը՝ բաժնելով ազգիս ուրախութեան լուրըհամայն աշխարհին: Այս խանդավառութեամբ սկսաւ Վեհափառ Հայրապետը իր անձնուրացծառայութեան նոր հանգրուանը, այս անգամ իբրեւ Կաթողիկոս: Այսօր, երբ 30 տարիներ ետք կը նայինքմեր Հայրապետին գործունէութեան, արդարօրէն կը վկայենք, թէ Վեհափառը մեր թեմերուն նոր աւիշ ունոր արիւն ներարկեց՝ ի խնդիր մեր համայնքային կեանքի վերանորոգման, Դպրեվանքին աննախադէպպայծառութիւն տուաւ, քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատքի առաքելութեան զարկ տուաւ, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շարժումին նոր շուրչ ու ոգի ներմուծեց, համազգային մշակութայինշարժումը հիմնովին վերանորոգեց: Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ, տակաւին երկա՜ր է շարքը ՆորինՍուրբ Օծութեան իրագործումներուն, ինչ որ դժուար է սեղմ ժամանակահատուածի մը մէջ նշել բոլորը: Այժմ թոյլ տուէք, որ խոնարհաբար եւ ձեր անունով մեր սրտագին շնորհաւորանքը փոխնցեմ մեր սիրելիՀայրապետին: Թող որ Աստուած Ձեր հայրապետական ասան ծաղկուն պահէ, Վեհափառ Տէր, արեւշատութիւն եւ ընդ երկար գահակալութիւն Ձերդ Սրբութեան։ Աստուած օգնական, Վեհափառ Հայր»։

 

Հանդիսութեան աւարտին, իր հայրապետական խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱրամԱ. Կաթողիկոս ըսաւ. «Կաթողիկոսին հովուապետական ծառայութեան ամեակ նշել կը նշանակէԿաթողիկոսութեան ծառայութեան ամեակը նշել։ Կաթողիկոս ու Կաթողիկոսութիւն մէկ ամբողջութիւն կըկազմեն, անոնք նոյնացած են անբաժանելիօրէն։ Ինչ որ Կաթողիկոսը կը կատարէ որպէս ծառայութիւն, ան յանուն Կաթողիկոսութեան կը կատարէ, Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առաւել կենսաւորմանեւ եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան համար կը կատարէ։

 

«Անցնող 30 տարիներու շրջանը Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ եղան թէ՛ տագնապի եւ թէ՛իրագործումներու տարիներ։ Արդարեւ, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Հայաստանի դիմագրաւածտագնապներն ու վերիվայրումները մեծապէս ազդեցին մեր առաքելութեան վրայ։ Անոնք մնայուններկայութիւն դարձան մեր կեանքին ու գործունէութեան մէջ։ Այդ կացութիւններուն նկատմամբ Մերտեսակէտները յստակօրէն արտայայտեցինք եւ միաժամանակ, ծառայութեան ճամբով, մեր դրական ուգործօն մասնակցութիւնը բերինք թէ՛ հարցերու լուծման եւ թէ՛ մեր համայնքներու աջակցութեան գծով։

 

«Անցնող 30 տարիները նաեւ իրագործումներու տարիներ եղան. բազմաթիւ իրագործումներկատարեցինք առաքելութեան այլազան բնագաւառներէն ներս։ Ճիշդ է, հոգեւորը, որպէս եկեղեցի, մերառաքելութեան առանցքը կը կազմէ. սակայն կարելի չէ հոգեւորը անջատել մեր կեանքի այլ երեսներէն, որովհետեւ հայ եկեղեցին ողջ պատմութեան ընթացքին, իր հոգեւոր ծառայութեան առընթեր, յատուկկարեւորութիւն է տուած նաեւ մեր կեանքի ազգային տարածքին։ Հետեւաբար, քրիստոնէականդաստիարակութեան առընթեր, կրթական, մշակութային, ընկերային, պահանջատիրական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերը ամբողջական մասը կազմած են մեր առաքելութեան եւյիշեալ մարզերէն ներս յատկանշական իրագործումներ կատարած ենք։

 

«Այս ծիրէն ներս, բնականաբար, Հայաստանը ու Արցախը յատուկ տեղ գրաւած են Անթիլիասիառաքելութեան մէջ։ Ընկերային ու մարդասիրական ուղղութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը, ինչպէս նաեւ մերթեմերը, իրենց կարելին կատարած են։ Քաղաքական շրջագիծէն ներս, մեր արտաքին յարաբերութեանցընթացքին միշտ արծարծած ենք Հայաստանին ու Արցախին առնչուած հարցեր՝ զօրավիգ կանգնելովմեր ազգային արժէքներուն ու իրաւունքներուն։ Հայաստանը յուզող հարցերուն նկատմամբ մեր ՍուրբԱթոռը իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները յստակ ու հետեւողական կերպով արտայայտած է։

 

«Նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ Անթիլիասի առաքելութիւնը առաւել թափով կը շարունակուի», շեշտեցՆորին Սրբութիւնը։ Ապա, ան ընդգծեց. «Անթիլիասը սովորական ծառայութիւն չէ որ կը կատարէ. անործառայութիւնը շաղախուած է նուիրումով` ուղղուած մեր ժողովուրդին։ Մեր ժողովուրդն է անորհզօրութեան աղբիւրը։ Անթիլիասի ծառայութիւնը եղաւ ու կը մնայ գերազանցօրէն համապարփակ ուհամազգային եւ այդ ծառայութիւնը իր ուղղութիւնը կ՚առնէ Հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ուընդհանրական շահերէն ու իտէալներէն։ Անթիլիասը իր խօսքը միշտ ըսած է ու կ՚ըսէ յստակօրէն` հեռուերկդիմի ու կողմնակի մօտեցումներէ։ Մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, մեր գերագոյնարժէքներուն շուրջ, համազգային օրակարգի մը շուրջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համախմբումըմեզի համար կը մնայ էական ու առաջնահերթ»։

 

Հանդիսաւոր գեղարուեստական յայտագիրի երգեցողութեան բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերիննաեւ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան եւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան` կատարելով մեներգութիւններ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով։

565133215_1257569736412854_6245742399846063473_n

Image 1 of 14