Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Մոնթրէալ ժամանման երկրորդ օրը՝ Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2025-ին, «Հայ Կեդրոն»ի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնականճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Նորին Սրբութեան: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին ԳանատայիՀայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմիառաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներն ուհոգեւոր հայրերը:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչԳերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեան: Ան ըսաւ, որ պատմական ուրոյն առիթ մըն է մեզհամախմբողը այսօր, որ միաժամանակ կ՚ամրապնդէ մեր հաւատքն ու նուիրումը՝ եկեղեցւոյ ու ազգիծառայութեան։ Այսօր հաւաքուած ենք երախտագիտութեամբ վերադառնալու անցնող երեսուն «հասկ» դարձած տարիներուն. «հասկ»ի իւրաքանչիւր հատիկ բարեշունչ շրջանի մը անսուտ վկան է։ Հայր սուրբըներկայ հրաւիրեալներու հոգեւոր հրճուանքին թարգմանը հանդիսանալով՝ ըսաւ. «մեր՝ Միաբանութեանեւ ժողովուրդի սիրտին համար տօն է Ձեր գահակալութեան 30-ամեակը, որուն իբրեւ արտայայտութիւնսիրոյ այս սեղանին շուրջ կը մէկտեղուինք իբրեւ խորհրդանիշ մեր սիրոյ ու խոնարհերախտագիտութեան։ 30 տարիներու պատիւը Ձե՛րն է, բայց ուրախութիւնը՝ բոլորիս. որովհետեւ Ձերգահակալութեան 30 տարիներու խօսքերը՝ պարզ ու ճշմարիտ, լուսարձակ եղան մե՛ր բոլորին. Ձերհոգեւոր հաւատարմութիւնը եւ ազգային գիտակցութիւնը՝ անսպառ աղբիւր մե՛ր բոլորին. Ձերներկայութիւնը՝ հաստատ ու խաղաղ, սփոփանք ու վստահութիւն ներշնչող ամէն հայու սիրտի. իսկ Ձերգործը՝ լայնածաւալ ու արարող, դարձաւ շունչ, որ նորոգեց եկեղեցին մեր գգուելի եւ ազգը՝ պերճափայլ»։

 

Հայր Գարեգինին խօսքէն ետք, յանուն թեմի ազգային իշխանութեան, խօսք առաւ ատենապետ ԾովիկԹէրզեան. ան յատկապէս ընդգծեց. «երեսուն տարիներ երկար ժամանակահատուած մըն է: Այդտարիներու ընթացքին տեսանք խոչընդոտներ ու մարտահրաւէրներ, բայց նաեւ ուրախութիւններ ույաղթանակներ: Իսկ ամէն մէկ վայրկեանի մէջ զգացինք Ձեր հայրական ներկայութիւնը: Ձեր խօսքը մեզիհամար եղաւ խրատ, Ձեր աղօթքը՝ զօրութիւն, Ձեր նուիրումը` օրինակ, որոնցմով սորվեցանք, որհաւատքով ու միասնականութեամբ կարելի է յաղթահարել ամէն տեսակ դժուարութիւն»։

Ապա խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս։ Ան իր սիրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Գանատայի Հայոց Թեմը երկու օր է ի վեր ցնծալից պահեր կ՚ապրի։ Մեր Հայրապետին 30 ամեակը նշելըիւրաքանչիւրիս համար աննկարագրելի ուրախութիւն եւ իսկական պատիւ է։ Հաւատքի առաքելութեանտեսլականով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ծառայեց եւ աննկուն կերպով գործեց։ Եկեղեցւոյ, ազգին ու Հայրենիքին ուղղուած ծառայութեան մէջ հոգեւորականի իսկական տիպար հանդիսացաւ անհայ կեանքին մէջ։ Վեհափառ Տէր, այս կարճատեւ ժամանակամիջոցին Ձեր 30-ամեայ պայծառակերպողու ներշնչող առաքելութիւնը բառերով կարելի չէ պարզել։ Ձեզ կը դիտենք եւ ձեզմէ կը սորվինք ուկ՚առնենք մեր ուղղութիւնը մեր ծառայական կեանքին մէջ»։

 

Ճաշկերոյթի աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր յղեց հայրապետական օրհնութեան խօսմը։Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին համար եւ խօսելով մարդուարժէքին ու դերակատարութեան մասին՝ ըսաւ. «Մարդն է, որ կը շինէ իրեն վստահուած այս աշխարհը, միաժամանակ մարդն է, որ կը քանդէ զայն, երբ հաւատարիմ չէ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուածպատասխանատուութեան։ Նոյնպէս մարդն է թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ եկեղեցին, համայնքը եւ կառոյցներըշինողն ու քանդողը։ Այսօր, մեր ներկայ իրականութեան մէջ, մեր համայնքային, ազգային ուեկեղեցական կեանքէն ներս շինող, կերտող ու ծառայող մարդու, նոյնպէս խոհեմ ու հեռատեսղեկավարութեան կարիքը ունինք։ Պահ մը նայեցէք ձեր շուրջ, մարդու պակաս կայ ամէն տեղ. որակ ուտեսլական ունեցող մարդու, իր անձէն վեր արժէքներու ու իտէալներու համար յանձնառու կերպովծառայող մարդու»։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը շարունակելով իր խօսքը՝ նշեց. «արժէքներու անկում կայ մերշուրջը։ Մասնագէտ ու փորձառու երիտասարդներ սկսած են հեռանալ մեր կեանքէն։ Հայաստանըկարիքը ունի վերականգնումի, նոյնիսկ փրկութեան։ Այլեւս վեր մնանք ճղճիմ հաշիւներէ, անձնակեդրոնու միակողմանի շահերէ. հեռու մնանք մեր ազգին ներուժը ջլատող ու միասնականութիւնը քանդողմօտեցումներէ։ Միշտ ըսած ենք ու պիտի կրկնենք.- համախմբում ու համախոհութիւն` ընդհանրական ուգերագոյն արժէքներու շուրջ, համազգային օրակարգի մը շուրջ։ Ձերբակալութիւններով ուամբաստանութիւններով չենք կրնար Հայրենիքը հզօրացնել ու ազգին միասնականութիւնը ամրապնդել։Մենք կոչուած ենք ընտրելու ա՛յն ճամբան, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Հայրենիքի փրկութիւնը ու ազգինհզօրացումը», ըսաւ Հայրապետը։ Ապա, անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան, որպէստիպար օրինակ, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ Լիբանանէն սկսեալմինչեւ Գանատա ու Հայաստան, համայնքային, կուսակցական ու պահանջատիրական մարզերէն ներսառանցքային դեր ստանձնած է, ինչպէս նաեւ Գանատայի թեմի կազմաւորման մէջ կարեւոր նպաստբերած է։

 

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ մեր կառոյցներու կենսաւորման մէջ կարեւոր նպաստ ունին նաեւ մերբարերարները։ Այս ծիրէն ներս, ան անդրադարձաւ Գէորգ Չաթալպաշեանի ու Գառնիկ Եագուպեանի(որոնց ընտանիքները ներկայ էին ճաշկերոյթին) կարեւոր բարերարութիւնները։ Արդարեւ, երկուբարերար ընտանիքներ, որոնք Սուրբ Էջմիածինի ու Անթիլիասի մէջ, նաեւ՝ Սուրիոյ, Լիբանանի ուՀայաստանի, իրենց կարեւոր բարերարութիւններով մեծ նպաստ բերած են մեր եկեղեցւոյպայծառութեան ու ազգին վերակառուցման աշխատանքներուն, նշեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Ճաշկերոյթէն ետք ներկաներուն յանձնուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին 30-ամեայ գահակալութեաննուիրուած նկարազարդ քաթալոկը։

562408227_1256889063147588_7228385525559077378_n

Image 1 of 13