Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան Հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը:
Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը, որ աւանդութեան համաձայն եօթ տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ մնացած այս անմարդկային ոճիրին: Եւ ահաւասիկ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը եկաւ օծելու հարիւր հազարաւոր անմիւռոն մնացած մանուկներու եւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր արդար դատին պայքարի շարունակութիւնը: