Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գանատայի Թեմի պատուաբեր այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջսկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, ժամը 7:30-ին։

Հայրապետական թափօրը, բաղկացած միաբան եւ քահանայ հայրերէ, Սուրբ Յակոբ ԱռաջնորդանիստՄայր Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ դպրաց դասերէ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներէեւ ազգային գործիչներէ, առաջնորդուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ Մոնթրէալիու Լաւալի մասնաճիւղերու սկաուտներուն կողմէ։

 

Ամպհովանիի կնքահայրներն էին՝ Պարոն Յարութ Թերզեան, Պարոն Կարօ Օհանեան, Պարոն ՌաֆֆիԳույումճեան եւ Պարոն Ալէքս Գազանճեան։

 

Եկեղեցւոյ մուտքին, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց ՍուրբՅակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեաններկայ էին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, Ազգային ԿեդրոնականՎարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչը, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւն անդամները, եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերը, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւհաւատացեալ ժողովուրդը։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով անորօրհնաբեր այցելութեան համար, եւ ի սրտէ շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան Գահակալութեան 30-ամեակը։

 

Վեհափառ Հայրապետը, իր հայրական պատգամին սկիզբը, փոխանցեց իր օրհնութիւնը ԱռաջնորդՍրբազանին, Թեմիս Հոգեւորականաց դասին, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, ինչպէսնաեւ պատկան մարմիններուն ու Գանատահայ համայնքին։

 

Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Ան նախ իր հոգեկան անհունուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի իր հօտին հետ, Աստուծոյ տան մէջ, որուն անդամներնենք բոլորս՝ վայելելով Աստուծոյ երկնային օրհնութիւնը: Հայրապետը իր հայրական ոգեշունչ պատգամըուղղելով՝ ըսաւ. «Գանատա տալիք հովուապետական այցելութեան որպէս ընդհանուր բնաբան ուպատգամ ընտրած եմ հետեւեալը. Եկէ՛ք միասնաբար վերակենսաւորենք մեր համայնքայինկառոյցները։ Բնականաբար, կառոյց ըսելով կը հասկնանք եկեղեցի, դպրոց ու համայնքային բոլորկազմակերպութիւնները, միութիւններն ու կեդրոնները, որոնք միասնաբար կը կազմեն ու կըկազմաւորեն մեր համայնքը։

 

Սա պահուն, որպէս մեկնակէտ իմ պատգամիս, կ՚ուզեմ յիշեցնել Առաքեալին հետեւեալ խօսքը. «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.26)։ Ի՞նչ կը նշանակէ սա հաստատումը։ Անիկա կոչ մըն է.-

 

ա) Հաւատքը ապրելու։ Հաւատքը տեսութիւն չէ, զգացական վիճակ չէ, այլ կեանքի որակ է։ Ան պէտք էճառագայթէ մեր կեանքի բոլոր տարածքներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ։

 

բ) Հաւատքը գործով թարգմանելու։ Հաւատքը կը մնայ տեսութիւններու ու զգացումներու սահմանին մէջ, եթէ ան չվերածուի գործի՝ մեր գործին իմաստ ու մղում, ուղղութիւն եւ նպատակ տուող։

 

գ) Հաւատքով շաղախելու մեր կեանքը։ Այս խօսքով հաւատքը պէտք է առանցքային ներկայութիւնդառնայ մեր կենցաղակերպին, գործելակերպին ու մտածելակերպին մէջ։

 

Ահա այս գիտակցութեամբ կոչուած ենք վերանորոգելու ու վերակենսաւորելու մեր համայնքայինկեանքը՝ զայն քրիստոնէական հաւատքով եւ այդ հաւատքը արտայայտող հոգեւոր ու բարոյականարժէքներով լեցնելով մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ կացութեան՝ ըսաւ. «Վերջինտարիներուն Հայաստանը դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներու, տագնապներու ուխնդիրներու գծով Մենք Մեր տեսակէտը, որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յստակ ուհետեւողական կերպով պարզած ենք, եւ նոյնիսկ առաջարկած անձնապէս Հայաստան երթալու ումասնակից դառնալու ներքին հարցերու լուծման առաջնորդող կարելիութիւններու քննարկման։ Այսծիրէն ներս, Մենք պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան ներկայ վատառողջ վիճակը եւ անոր առնչուածհոգեւորականներու թէ աշխարհականներու ձերբակալութիւնները դատապարտած ենք եւ նոյնիսկանուղղակի փորձեր կատարած ենք կացութեան հանդարտեցման ու հարցերու լուծման։ Մենք նաեւդատապարտած ենք ազգային արժէքներու գծով մօտեցումներու ու արժեչափերու խախտումը եւապազգային մթնոլորտի ստեղծումը։ Այս բոլորին մասին խօսած ենք, դատապարտած ենք եւ կոչ ուղղածենք, որպէսզի մեր բոլորին քայլերը իրենց ուղղութիւնը առնեն` մեկնելով համազգային ընդհանուրշահերէն ու արժէքներէն։ Նոյնը կը կրկնենք այսօր ու միշտ։ Հայ եկեղեցի ու պետութիւն յարաբերութեաններկայ վիճակը վնասաբեր է ու անընդունելի` մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին համար։

Ձերբակալութիւններով, զրպարտութիւններով կարելի չէ ներկայ կացութիւնը շրջանցել։ Ամէնէն թշնամիերկիրները նոյնիսկ երկխօսութեան ճամբով հարցերը կը քննարկեն։ Հարց կու տանք, երբ հազարաւորերիտասարդ հայորդիներու արիւն հոսած է, Արցախը գրաւուած է, Արցախի պետականպատասխանատուները ապօրէն կերպով ձերբակալուած են եւ այսօր երկու երկիրները խաղաղութեանձեռք երկարած են ու իրարու հետ կը խօսին, միթէ կարելի չէ՞ նոյն ազգին ու երկիրին պատկանողկողմերուն միջեւ, եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ երկխօսութիւն մը ստեղծուի` ի խնդիր Հայաստանի ումեր ազգի գերագոյն արժէքներուն։ Ո՞ւր պիտի հասնի Հայաստանը այս ընթացքով. դէպիինքնաքանդո՞ւմ…։ Թոյլ պէտք չէ տանք։ Անձեր, իշխանութիւններ, կառոյցներ գնայուն են. կառչինքմնայունին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ հարկ է գործել։

Հետեւաբար, եկէ՛ք, միասնաբար, երկխօսութեան ճամբով հեռու պահենք Հայաստանը ինքնաքանդումիվտանգէն»։

 

Արարողութեան աւարտին, ներկաները Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, առիթը ունեցան աջահամբոյրով ստանալու Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

~~~~~~~~~~~

HIS HOLINESS CATHOLICOS ARAM I AT SOURP HAGOP ARMENIAN CATHEDRAL

 

His Holiness Catholicos Aram I’s official and pastoral visit to the Armenian Prelacy of Canada began in Montreal on Thursday evening, October 16, 2025, at 7:30 p.m.

 

The Pontifical procession, composed of clergy members, members of the choirs of Sourp Hagop Cathedral and Sourp Kevork Church, representatives of community institutions, and national figures, was led by the scouts of Montreal and Laval Chapters and the marching band of the H.M.E.M. “GAMK” chapter.

 

At the entrance of the church, as the hymn “Hrashapar” was sung, His Holiness entered Sourp Hagop Cathedral, where a Canonical Prayer service was celebrated.

 

Present at the ceremony were His Eminence Archbishop Papken Tcharian, Prelate of Canada, His Eminence Archbishop Anoushavan Tanielian, Prelate of the Eastern Prelacy of the United States; the representative of the Central Executive Council for Canada; members of the Executive Council of the Armenian Prelacy of Canada; the boards of trustees of the churches; representatives of community organizations; and a large congregation of faithful.

 

His Eminence Archbishop Papken Tcharian, Prelate of the Armenian Prelacy of Canada, warmly welcomed His Holiness, expressing heartfelt gratitude for his blessed visit and sincerely congratulating him on the 30th anniversary of his enthronement.

 

At the beginning of his paternal address, His Holiness conveyed his blessings to the Prelate, the clergy of the Prelacy, the Religious and Executive Councils, all affiliated institutions, and the Armenian community of Canada.

 

Following the ecclesiastical ceremony, the faithful gathered at the “Avedis Aharonian” Hall of the Montreal Armenian Community Centre, where they had the privilege of receiving the Patriarchal blessing of His Holiness with reverence and devotion.

 

CHANCERY OF THE ARMENIAN PRELACY OF CANADA

 

~~~~~~~~~~~~

SA SAINTETÉ ARAM I, CATHOLICOS, À LA CATHÉDRALE ARMÉNIENNE SOURP HAGOP

 

La visite officielle et pastorale de Sa Sainteté Aram I, Catholicos du Saint-Siège de Cilicie, au Prélature Arménienne du Canada a débuté à Montréal le jeudi 16 octobre 2025, à 19 h 30.

 

La procession pontificale, composée des prêtres, des chorales de la Cathédrale Sourp Hagop et de l’Église Sourp Kevork, de représentants des institutions communautaires et de figures nationales, était conduite par la fanfare du chapitre «H.M.E.M. GAMK» et les scouts des chapitres de Montréal et de Laval.

 

À l’entrée de l’église, au chant de l’hymne « Hrashapar », Sa Sainteté fit son entrée dans la Cathédrale Sourp Hagop, où fut célébrée une prière canonique.

 

Assistaient à la cérémonie Son Éminence l’Archevêque Papken Tcharian, Prélat de la Prélature Arménienne du Canada, Son Éminence l’Archevêque Anoushavan Tanielian, Prélat de la Prélature Arménienne de la Côte Est des États-Unis ; le représentant du Conseil central exécutif pour le Canada ; les membres du Conseil exécutif du Prélature Arménienne du Canada ; les conseils paroissiaux des églises ; les représentants des organisations communautaires ; ainsi qu’une nombreuse assemblée de fidèles.

 

Son Éminence l’Archevêque Papken Tcharian, Prélat des Arméniens du Canada, a souhaité la bienvenue à Sa Sainteté, exprimant sa profonde gratitude pour cette visite bénie et lui adressant ses félicitations sincères à l’occasion du 30ᵉ anniversaire de son entronisation.

 

Au début de son allocution paternelle, Sa Sainteté a transmis sa bénédiction au Prélat, au clergé de la Prélature, aux Conseils religieux et exécutif, aux institutions affiliées ainsi qu’à l’ensemble de la communauté arménienne du Canada.

 

À l’issue de la cérémonie religieuse, les fidèles se sont réunis dans la salle « Avedis Aharonian » du Centre communautaire arménien de Montréal, où ils ont eu le privilège de recevoir la bénédiction patriarcale de Sa Sainteté avec piété et dévotion.

 

CHANCELLERIE DU PRÉLAT ARMÉNIEN DU CANADA

564704942_1255508706618957_5576788276696535237_n

Image 1 of 30