Սեպտեմբեր 30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի «Ակունք» սահմանամերձգիւղի միջնակարգ դպրոցի անձնակազմը բովանդակալից հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ ի պատիւԳանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին։
Նշենք, որ «Ակունք» սահմանամերձ գիւղը կը գտնուի Երեւանէն 163 քմ, իսկ ազրպէյճանականսահմանէնմօտ 10 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Գիւղը ունի մէկ միջնակարգ դպրոց, մօտ 400 ընթերցասէրաշակերտներով։ 2025 թուականի Յունուարին,դպրոցի մօտ 8000 գիրք ունեցող գրադարանըվերանորոգուեցաւ հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին եւնախաձեռնութեամբ՝ «Կարօ Յովակիմեան» բարեգործական հիմնադրամին։
Դպրոցի մուտքին Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով, ապա՝ նախասրահին մէջաշակերտները ներկայացուցին վարպետօրէն նկարուած իրենց հայրենաշունչ արուեստի գործերը։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Սրբազան Հայրը՝ Տէրունական աղօթքով որմէ ետք աշակերտներըերգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։
Բացման խօսքէն ետք, աշակերտները սահիկներով ներկայացուցին իրենց գիւղի եւ դպրոցիպատմութիւնը։
Ասմունք, պար, երգ, նուագ ու իմաստալից խօսքեր,ահա այն բազմազան գեղարուեստականյայտագիրը, որ յուզումով, հպարտութեամբ, ազգային ոգիով ու յոյսով համակեց ներկաներուն հոգիները։Աշակերտներուն ելոյթները շատ բնական էին, անկեղծ ու սրտաբուխ, անոնց խօսքը շատ յստակ էր ուառոգանութիւնը հայեցի, այդ բոլորը հայելին էր դպրոցի կրթական բարձր մակարդակին, հայոց լեզուի ուգրականութեան հանդէպ տածած սիրոյն եւ ազգային ոգիով ուղղորդուած այն դաստիարակութեան, զորս ջամբած են անոնց ուսուցիչներն ու տնօրէնութիւնը։
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան իր հայրական խօսքին մէջդպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն ըսաւ.- «Ինծի համար այսօր մեծուրախութիւն է ձեր մէջ գտնուիլ, յատկապէս դպրոցի՛ յարկէն ներս։ Մեզի համար դպրոցը երկրոդ տուննէ,հարազատ միջավայրը, ուր մենք կը թրծուինք եւ կը զինուինք՝ գիտութեամբ, լեզուներով եւ մանաւանդմեր մէջ կը դրոշմուի այն ոգին եւ այն հոգին, որ մեզի կու տայ հաւատքը, կամքը եւ ուժը մեր լուման դնելուընտանիքին, համայնքին, հայութեան եւ հայրենիքին գանձանակներուն մէջ։ Սիրելի տնօրէնութիւն եւուսուցչական կազմ, ձեր աշխատանքը սուրբ աշխատանք է, մարդակերտումի եւ հայակերտումիաշխատանք է, մարդուն մէջ հայը դրոշմելու, հոգին ներշնչելու նուիրում է՝ յանուն մեր զաւակներու առողջդաստիարակութեան, որպէսզի անոնք ապագային պայքարին յանուն մեր արժէքներուն, մերսրբութիւններուն մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն»։
Դպրոցի տնօրէնուհի Լուսինէ Աւագեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, անոր օրհնաբերայցի համար, ինչպէս նաեւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը իրենց դպրոցի գրադարանին, որուն արդիական ու հանգստաւէտ նոր տեսքը առիթ հանդիսացաւ, որ աշակերտները աւելի հաճոյքովգիրք կարդան,երկար ժամեր անցընեն այնտեղ եւ տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպեն։
Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը հետամուտ է հայրենիքի մէջ շարունակելու իրականացնել նմանարդիւնաւէտ ծրագրեր, որոնք կ՚ոգեւորեն սահմանամերձ շրջաններու աշակերտութիւնը եւ կը զինենգիտելիքով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

