Սեպտեմբեր 23-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնման Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի ներկայութեամբ`Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներուհամար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման

դասընթացք»-ի հաստատագրերու բաշխման արարողութիւնը «Արդեան» արուեստի կեդրոնէն ներս։

 

Կրթական վեցամսեայ այս տարուան ծրագիրը, որ կը կրէ «Զարգացրո՛ւ հմտութիւններդ, բացայայտի՛րինքդ քեզ» կարգախօսը, երկրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացուի համագործակցութեամբ ԱզգայինԱռաջնորդարանի եւ Երեւանի «Պիկ Մայնտ» ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն ՅակոբՄաքտիսի հետ։

 

Հաստատագրերու բաշխման արարողութեան բացումը կատարեց Յակոբ Մաքտիս, որշնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր համագործակցութեան համար եւ յայտնեց, որ այսծրագրին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են աւելի քան հարիւր արցախցիներ, սակայն ընտրուածեն 40 դիմորդները, որոնց համար անգլերէնի

անբաւարար իմացութիւնը խոչընդոտ է աշխատանքի ընթացքին հաղորդակցելու, կամ աւելի լաւաշխատանք ձեռք բերելու համար։

 

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Տէրունական աղօթքէն ետք իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց«Պիկ Մայնտ» կազմակերպութեան հիմնադիր Յակոբ Մաքտիսին այս համագործակցութեան համար, ապա ան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ծրագրին մասնակցող արցախցիներուն, ըսելով,- «Ուրախ եմ, որկը մասնակցիք այս դասընթացքին՝ հարստացնելու ձեր լեզուամտածողութիւնն ու ընդլայնելու ձերմտահորիզոնը, որովհետեւ որքան մենք մեզ հարստացնենք, մեզ լիցքաւորենք, կը կարենանքհարստացնել եւ զօրացնել նաեւ մեր շրջապատը։ Այսօր դուք այստեղ էք՝ Արցախէն հեռու, սակայնԱրցախը կը կրէք ձեր մէջ եւ կրնաք այստե՛ղ Արցախ մը ստեղծել, սակայն վերադարձի ա՛յն յոյսով, զորմենք բոլորս պէտք է ունենանք եւ երբեք չտկարանանք, չընկրկինք այդ ճանապարհին: Մեր ժողովուրդըպատմութեան ընթացքին տարբեր տագնապներէ անցած է եւ չէ յուսահատած, չէ տկարացած եւ բոլորդժուարութիւնները դիմագրաւելով՝ դարձեալ ոստքի կանգնած է։ Նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ այսօր։

 

Երիտասարդութիւնը ազգի ապագան է, իսկ այդ ապագան կերտելու համար պէտք է նախ կերտենքմենք զմեզ՝ յարատեւ աշխատանքով եւ պայքարելով։ Ուժ եւ կորով, կանաչ ճանապարհ կը մաղթեմ ձեզի, ձեզմէ իւրաքանչիւրին երազը թող ի կատար ածուի եւ կարենաք հասնիլ այնտեղ ուր կ՛երազէք»։

 

Հաստատագրերու բաշխումէն ետք, մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս կարեւորդասընթացքի կազմակերպման համար եւ իրենց առաջարկներն ու մտքերը փոխանցեցին ՍրբազանՀօր։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

IMG_3265

Image 1 of 28