Սեպտեմբեր 20-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեան, «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակականկազմակերպութեան տնօրէն Պրն. Արշաւիր Գաբուճեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Երեւանի ՍուրբԽաչ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ ընկերակցութեան հովանաւորած կիրակնօրեայ դպրոցիծրագրին մասնակցող արցախցի երեխաներուն, անոնց ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն հետ։

 

Սրբազան հայրը երեխաները տէրունական աղօթքով օրհնելէն ետք՝ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեցծնողներուն ըսելով,- «Կարեւոր պարտականութիւն է զաւակները առաջնորդել կիրակնօրեայ դպրոց, որովհետեւ երբ ձեր զաւակները կիրակնօրեայ դպրոց կ՚առաջնորդէք, կը նշանակէ կը հաւատաքկիրակնօրեայ դպրոցին եւ կը հաւատաք, որ այստեղ ձեր երեխաները պիտի մեծնան, աճին, թրծուին, աղօթել սորվին, Յիսուս մանուկին բարեկամ ըլլան, զգան Յիսուսի ներկայութիւնը եւ դառնան լիիրաւմարդ, քրիստոնեայ եւ ճշմարիտ հայ:

 

Սրբազան Հայրը իր երախտիքի խօսքը յայտնեց Պրն. Գափուճեանին, ինչպէս նաեւ արցախցիուսուցչուհիներուն, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր երեխաներուն պէտք եղած սէրն ու գիտելիքըփոխանցելու համար,- «Ուսուցիչները երկրորդ ծնողներն են դպրոցի մէջ, այս պարագային կիրակնօրեայդպրոցի մէջ, ուր սովորական դասեր չեն առներ․ այստեղ դպրոց մըն է, ուր կը սորվին այնճշմարտութիւնները, որոնք Յիսուս Քրիստոս մեզ փոխանցեց իր աշակերտներու եւ մեր եկեղեցւոյհայրերու միջոցով։ Սիրելի ուսուցիչներ, դուք ոչ միայն ձեր գիտելիքը կը փոխանցէք այս երեխաներուն, այլեւ ձեր հոգին կը դնէք` հաւատք ու սէր փոխանցելով այս մանուկներուն։ Ձեր նուիրումով այսերեխաները կ՚ուղղորդէք, որ եկեղեցւոյ շունչին տակ մեծնան, Աստուծոյ օրհնութեամբ սնուին, հոգեւորապէս զօրանան եւ վաղը հպարտանանք իրենցմով»։

 

Սրբազան Հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցի արցախցի աշակերտներուն հետ. անոնք իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու եւ քրիստոնէականգիտելիքներ ձեռք բերելու համար։

 

Հանդիպման աւարտին, Սրբազան հայրը երեխաներուն կոչ ըրաւ՝ Արցախէն հեռու ապրելով հանդերձշարունակել ապրիլ Արցախով, այնպէս ինչպէս սփիւռքահայերը հայրենիքէն հեռու ապրելով կ՚ապրինՀայաստանով եւ կը մեծնան հայրենիքի հանդէպ սիրով , որովհետեւ մենք տէրն ու պահապանը պէտք էըլլանք մեր երկրին, որպէսզի հասնինք մեր վաղուան նպատակներուն եւ յաջողինք մեր առաքելութեանմէջ։

 

Նայիրի Մկրտիչեան

Երեւան

0f058a48-830f-4e14-af8e-35264c4fb4bd

Image 1 of 5