Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնըՊետական ներկայացուցիչներու։

 

Հանդիպման ներկայ էին, Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը: Ինչպէսնաեւ Հայ Դատի եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները։

 

Ներկայ էին, Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներ՝ Ն.Վ. Jean Yip, Ն.Վ. Vincent Ho եւ Ն.Վ. Costas Megenakis։Օնթարիօ Նահանգի Համայնքային, Մանուկներու եւ Ընկերային Ծառայութեանց Նախարար՝ Ն.Վ. Michael Parsa; Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Անդամներ՝ Ն.Վ. Aris Babikian, Ն.Վ. David Smith, Ն.Վ. Jonathan Tsao եւ Ն.Վ. Rob Cerjanec։ Ներկայ էին նաեւ, Թորոնթոյի քաղաքապետարանի Խորհուրդի Անդամներ՝ Shelley Carroll, Nick Mantas, Brad Bradford եւ Michael Thompson.

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

538165960_18217206457306349_6031042191074605019_n

Image 1 of 10