«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ,
ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է»
Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, 28 Յունիս 2015-ին, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի եւ ընթացքին Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետին ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով:
Հայրապետական Մաղթանքի յատուկ արարողութեան ընթացքին աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ աղօթքներու ճամբով, արեւշատու-թիւն, կորով ու երկար գահակալութիւն մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ անսասանութիւն ու բարգաւաճ ծաղկում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: