«Մի վախնար։

Ես եմ սկիզբը եւ ես եմ վախճանը։ Ես եմ կենդանի եղողը եւ ես եմ որ մեռայ եւ ահաւասիկ կենդանիեմ յաւիտեան յաւիտենից» (Յայտնուոթիւն 1.17-18)։

Յարութեան ձայնն է ահա։

Պահ մը լսենք այդ ձայնը։

Յարութեան ձայնը մեր շուրջն է։ Ան յոյս ներշնչող, շղթաները խորտակող, վախը փարատող ձայնն էմիշտ։

Յարութիւնը անցեալին մէջ կատարուած արարք մը չէ սոսկ, այլ իրադարձութիւն մը որ մենքկ՚ապրինք այսօր։

Յիսուս Քրիստոսի, Յարուցեալ Փրկչին խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն, որ Ան յաւիտեան կենդանի է եւմենք կեանք ունինք իրմով, եւ իր մէջ` առանց սահմանափակումներու։

❖ Յարութիւնը կեանք կը պարգեւէ։

Այսօրուան աշխարհին մէջ յաճախ ականատես կ՚ըլլանք եւ երբեմն դէմ յանդիման կը գտնուինքայնպիսի փորձութիւններու, տագնապներու, որոնք վախ, անորոշութիւն եւ կասկած կըյառաջացնեն։ Ի՞նչ ընել նման պահերուն, պարզապէս յիշել որ Աստուծոյ զօրութիւնը՝ Յարութիւնը,որ Նոր Կեանքի համար է։ Այո՛ Յարութիւնը կը յաղթահարէ ու կը փարատէ վախն ու կասկածը։Վախը կայ, գոյութիւն ունի, տիրական է իր ներկայութեամբ մեր մտքերուն մէջ։ Յաճախ անձնականդժուարութիւններ, տնտեսական անկայունութիւն եւ կամ հիւանդութիւն պատճառ կը հանդիսանանոր մենք մեզ զգանք եւ կամ ուղղակի յայտնուինք խաւարի մէջ։ Այսուամենայնիւ, Քրիստոս յաղթեցմահուան եւ մեզի հետ քալեց իւրաքանչիւր փոթորիկի մէջէն։

Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ քանդեց ու փշրեց ամէն պատնէշ որ մեզ կը բաժնէԱստուծմէ։ Ճշմարտութիւնը նոյնն է. «Փառքի Թագաւորը» յարութիւն առաւ։ Յարութիւնը ճշմարիտ եւվճռորոշ յայտարարութիւնն է՝ որ ոչինչ կրնայ մեզ հեռացնել Աստուծմէ, ոչ մեղքը, ոչ վախը, ո՛չ իսկմահը։ Ան կը հրաւիրէ մեզ ազատագրուած կեանքի, անցեալի ունայնութիւնը մերժող, անցեալիվախերն ու սխալներն ու անյաջողութիւնները գերեզմանող։ Այո՛, Յարուցեալին ձայնն է որ կը հնչէամենուորէք. «Մի վախնար»։ Մենք կանչուած ենք դուրս գալու մեր մեղքի գերեզմաններէն եւ մտնելճշմարիտ կեանքի ճանապարհին մէջ։

Այո՛, Քրիստոս Յարութիւն առաւ եւ իր յաղթանակով Նոր Կեանք պարգեւեց՝ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ։Վստահինք Յարուցեալին եւ յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն, տագնապ եւ խոչընդոտ։

❖ Յարութիւնը մեր ամէնօրեայ պայքարի ընթացքն է։

Յարութիւնը միայն մահէն յետոյ յաւերժական կեանքի մասին չէ, այլ կը վերաբերի այսօրուանվերափոխուած կեանքին։

Այո՛, կեանքը լեցուն է այլազան մարտահրաւէրներով, առողջութեան կորուստ, տնտեսականճգնաժամ, խզուած յարաբերութիւններ, աշխատատեղիի եւ կամ բնակարանի կորուստ։ Դիւրին էտկարանալը, սակայն Քրիստոսի Յարութիւնը կու գայ յիշեցնելու մեզի, որ նոյնիսկ ամնադժուարպահերուն Աստուած ձեռնածալ չէ, այլ կը գործէ։ Ան գերեզմանները այգիներու կը վերածէ, սուգը՝ուրախութեան։

Մենք կանչուած ենք ապրելու լոյսի մէջ, քաջ գիտնալով որ անվերապահօրէն սիրուած ենք Աստուծոյկողմէ։ Անկախ անորմէ, թէ ո՞վ ենք, ի՞նչ դիրք ունինք եւ ո՞ւր կը գնուինք, Աստուծոյ սէրը մշտական, ամէնուրեք է եւ անսասան է։

❖ Յարութիւնը յուսադրող ուժ է։

Քրիստոսի յաղթանակը մահուան վրայ նաեւ մեր յաղթանակն է։ Ոչ մէկ ճգնաժամ,դժուարութիւն, մարտահրաւէր չի կրնար մեզ բաժնել ու հեռացնել Իր հայրական սէրէն։ Երբ անհանգիստ կըզգանք, վախով կամ կասկածով յուսալքուած ենք, հաստատ մնանք իր խոստումին մէջ, այն նոյնզօրութիւնն է որ յարութիւն տուաւ Յիսուսին մեռելներէն եւ Ան կ՚ապրի մեր մէջ։

Որքանո՞վ կ՚ապրինք յարութեան զօրութեամբ։ Քրիստոսի լոյսը մնայուն պէտք է ճառագայթէ եւյուսադրէ մեզ ամենափոթորկոտ եւ դժուար պահերուն։

❖ Յարութեան վկաներն ենք։

Կանչուած ենք ըլլալու Յարութեան վկաներ։ Յոյսի կարօտ այս աշխարհին մէջ պէտք է ըլլանք իրձեռքերն ու ոտքերը։ Այսինքն կիսել անոր սէրը, խաղաղութիւն բերել այնտեղ՝ ուր հակամարտութիւնկայ, բարութիւն՝ ուր ատելութիւն կայ, արդարութիւն՝ ուր դատաստան կայ։ Սիրոյ իւրաքանչիւրգործողութիւն, ներման իւրաքանչիւր պահ, հաւատարմութեան իւրաքանչիւր քայլ վկայութիւն էկենդանի Քրիստոսի։

Լսէ՛, նորէն լսէ՛։ Յարութեան ձայնը փրկուածներուս ուրախութեան, հաւատացեալներուսաղօթքներուն, Յոյս ունեցողներուս երգերուն մէջ է։ Յիսուս կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից եւքանի որ Ան կ՚ապրի, մենք նոյնպէս կրնանք ապրիլ առանց մեղքի, առանց վախի, այն քաջգիտակցութեամբ եւ մեծ վստահութեամբ, որ Տիրոջ յաղթանակը մերն է։

Աղօթարար՝

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի

491917992_1108209331348896_3344784128569574998_n

Image 1 of 1