Հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի ՔրիստոնէականԴաստիարակութեան Բաժանմունքին, կը հրապարակուի երեք գիրքերէ բաղկացած «Կիրակնօրեայ ԴպրոցիԱշակերտին Դասագիրքը» շարքը, մեկենասութեամբ Մոնթրէալաբնակ Ազգային Բարերար եւ «ԿիլիկեանԻշխան»ի շքանշանակիր՝ Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի։

Կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյագիտական բովանդակութեամբ նկարազարդ ու խաղերով լի այսգիրքերուն շարքը նախատեսուած է Գանատայի Թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն համար,իւրաքանչիւր դասագիրք ունի իր համապատասխան «Ուսուցիչի Ուղեցոյց»-ը, ինչպէս նաեւ խաղի ուվարժութիւններու տետրակը։

Գիրքերուն հեղինակն է «Դանիական Հայկական Բարեգործական Առաքելութիւն Կազմակերպութեան»Վարիչ Տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանը, խաղերը կազմած է մանկավարժ Սիւզաննա Սարգսեանը, գիրքընկարազարդած է Շուշան Գէորգեանը:

Երեք դասագիրքերը համապատասխանաբար նախատեսուած են ՝6-7, 8-9 եւ 10-11 տարեկանաշակերտներու համար։ «Ուսուցիչի ուղեցոյց»-ները նախատեսուած են ուսուցիչներուն համար, իբրեւօժանդակ ձեռնարկ՝ դասերու եւ վարժութիւններու ներկայացման ձեւը հետաքրքրական դարձնելու համար։

Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու հոգեւոր դաստիարակութեան նպաստող այս կարեւորնախաձեռնութեան նպատակն է՝ մանկավարժական ու հոգեբանական նոր մօտեցումներովԱստուածաշունչն ու քրիստոնէական առակները սիրելի ու հաճելի դարձնել աշակերտներուն եւ նպաստելնոր սերունդի հոգեւոր արժէքներու զարգացման:

ԴԻՒԱՆ Ազգային Առաջնորդարանի