Ազգային Առաջնորդարանի Նոր Հրատարակութիւն
Հովանաւորութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. ԲաբգէնԱրքեպիսկոպոս Չարեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի ԴաստիարակութեանԲաժանմունքին, լոյս կը տեսնէ «Դէպի Աստուծոյ Նստավայր…» պատանեկան տարիքին յարմարարկածախնդրական-երեւակայական ժանրի ելեկտրոնային նկարազարդ նոր գիրքը, որ ուշագրաւ է իրհետաքրքրական բովանդակութեամբ ու Հայոց Պատմութեան կարեւոր դէպքերը ներկայացնելու իր նորմօտեցումով ։
Գիրքը իր բովանդակութեամբ սկիզբ կ՚առնէ Վանի թագաւորութենէն՝ հասնելով 1988 թուականի Արցախիազատագրական պայքարին։ Խումբ մը սփիւռքահայ երեխաներ, իրենց ծնողներուն հետ կը ժամանենՀայաստան՝ «Աստուծոյ Նստավայր», եւ հրաշքով կը մասնակցին պատմութեան կարեւորիրադարձութիւններուն։ Արփի Վանեանի (Հայաստան) հեղինակած արեւելահայերէն գիրքը,արեւմտահայերէնի վերծանած ու խմբագրած է Նայիրի Մկրտիչեան, նկարազարդած է` Շուշան Գէորգեան։
Մենք կը հաւատանք, որ այս հրատարակութիւնը իր մատչելիութեամբ եւ հետաքրքրական ոճով պիտի մղէ, որ մեր երեխաները սիրեն ու ըմբռնեն մեր պատմութիւնը եւ հպարտանան իրենց հայկական ինքնութեամբ։
ԴԻՒԱՆ Ազգային Առաջնորդարանի