Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կ՚այցելէ Ուինիփէկի
Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Համայնքը
Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Օգոստոս 30-31, 2014–ին, իր հայրական այցը կատարեց Ուինիփէկի Հայ համայնքին. երկօրեայ այցի առաջին օրը տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ նուիրուած Ուինիփէկի Սուրբ Վարդան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրման առիթով։
Երեկոյի բացման խօսքը կատարեց Պրն. Հայկ Վանլեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր ու յայտնեց կարեւորութիւնը այս այցին Ուինիփէկի փոքր համայնքին համար։ Պրն. Սարօ Պօղոսեան, համառօտ ներկայացուց գաղութի անցած քանի մը տարուան ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ հրամայականը հայ համայնքի ձեւաւորման եւ եկեղեցւոյ հիմնադրման։ Երեկոյի յայտագրին մաս կազմեց Օրդ. Սվետլանա Կարակոյզեանը, Կոմիտասի եւ Սայաթ Նովայի երկու երգերով։ Ապա Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով շեշտեց հայապահպանման կարեւորութիւնը սփիւռքի մէջ, եւ յայտնեց որ ամէն մարդ ինչպէս նաեւ ամէն համայնք ունի իր դժուարութիւնը, սակայն պէտք է պայքարիլ եւ յաղթահարել այդ դժուարութիւնները։
Յաջորդ օրը, Օգոստոս 31–ին, Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց։ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ հորդորեց միշտ աղօթել եւ հաւատալ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին։