Children Festival in Montreal
The Armenian Prelacy of Canada’s Armenian National Education Council based on the last four years enthusiasm by children in the community organized the Children’s Festival, which took place on Saturday, February 21, 2015 at the Montreal Armenian Community Centre’s Homenetmen-Gamk gym.
Unlike any other event in Canada, the festival offers an array of free activities, including dancing, musical shows, along with creative workshops and cooperative games. The kids who participate are guaranteed to be entertained and enjoy free indoor and craft activities.
The festival committee combined the excitement of all the arts in a spectacle format with interactive, innovative activities to engage and delight throughout the day.
Next year, the Festival will take place in February 2016. Don’t miss out!
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝
ժամադրավայրը հայ երեխային ու պատանիյին
Հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի եւ Ազգային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդին ու Մանուկներու Փառատօնի յանձնախումբին, Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015-ին, Մոնթրէալի ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Բարեկենդանի նուիրուած մանուկներու փառատօնը, որ այս տարի կը զուգադիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։
Սոյն նախաձեռնութեան կը մասնակցին Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող եկեղեցիները, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբ եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցները, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանն ու Արարատ ճամբարը։ ՀՕՄ-ի «Շուշի» եւ «Սօսէ» մասնաճիւղերը, Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղը իր գրատարածով եւ Պատմութեան ժամով, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեանց Լաւալի եւ Մոնթրէալի մասնաճիւղերը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու ֆանֆարը։
5-12 տարեկան մանուկներուն ու պատանիներուն համար կազմակեր-պուած էր մանկական թատերական ներկայացում մը նուիրուած Կոմիտաս վարդապետին, բեմադրութեամբ տիկին Վարսիկ Պանիրեանին։ Ձեռային աշխատանքներու կրպակները նուիրուած էին հետեւեալ թեմաններուն` «Կը յիշեմ», «Կը ծաղկիմ», «Հայաստանը սրտիս մէջ», «Հայկական խոհանոց», «Հայկական շապիկներու պատրաստութիւն», եւ շատ մը այլ հետաքրքրական խաղեր եւ աշխատանքներ։
Նկատի ունենալով, որ այս տարուան փառատօնը կը զուգադիպէր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, պատանիները շինեցին կակաչներ եւ ՀՄԸՄ «Կամք» մասնաճիւղի ֆանֆարին ղեկավարութեամբ, զանոնք զետեղեցին Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի աշակերտներուն կողմէ կառուցուած Ծիծեռնակաբերդին դիմաց։
Մանկական Փառատօնը, իր իւրայատկութեամբ, այս տարի եւս մեծ յաջողութիւն արձանագրեց՝ քով-քովի բերելով աւելի քան 300 հայ մանուկներ, շնորհելով գեղեցիկ առիթը հպարտանալու իրենց հայկական ինքնութեամբ եւ զանզան ձեռային աշխատանքներու եւ խաղերու միջոցաւ ծանօթանալու հայկական մշակոյթի հարստութեան։
Ազգային Առաջնորդարանը այս առիթով իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր կամաւորներուն, ծնողներուն եւ երեխաներուն, որոնք քաջալերեցին այս նախաձեռնութիւնը եւ իրենց մասնակցութեամբ յաջողութեամբ պսակեցին փառատօնը։