Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի եւ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով, Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններուն հետ։
Սոյն հաւաքին մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հ.Մ.Ը.Մ.–ի, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնները, Հ.Յ.Դ.Գ.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ինչպէս նաեւ Առաջնորդարանիս հովանիին տակ գործող բոլոր Խորհուրդները։
Ազգային Վարչութեանս Ատենապետ՝ պարոն Գրիգոր Տէր Ղազարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք՝ այս մտերմիկ հանդիպման ընթացքին իւրաքանչիւր մարմնի ներկայացուցիչ զեկուցեց իր կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնցմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարեմախտութիւնները փոխանցեց եւ գնահատեց իւրաքանչիւրին ներդրումը մեր Գանատայի Հայոց Թեմի կեանքէն ներս: Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գաղափարներու փոխանակում։