ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ
SOUNDS OF ARMENIA (ՀԱՅՈՑ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ)
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Կիրակի, 11 Յունուար 2015¬ի երեկոյեան ժամը 7։30¬ին, Markham Theatre¬ի մէջ, Թորոնթոյի Հայ Ակումբի Վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ Sounds of Armenia (Հայոց Մեղեդիներ) անունով գեղարուեստական երգահանդէս մը, մասնակցութեամբ «Հոռովել» եւ «Քանար» նուագախումբերու, որուն ներկայ եղաւ Գանատայի Հայոց Տիրախնամ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան։
Ձեռնարկի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց «Հոռովել» եւ «Քանար» նուագախումբերու մասնակիցներն ու անհատ կամաւորները, ինչպէս նաեւ Խմբավարը եւ ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Ահաւասիկ մեր ժողովուրդին ապագան։ Վստահ եմ, որ այս առաջին ձեռնարկը, ¬որ նուիրուած էր մեր նահատակներուն՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 100 ամեակին¬, անոնց թափած արիւնն ու թողած կտակը մեր նոր սերունդի զաւակները պիտի շարունակեն պահել յանուն արդարութեան պաշտպանութեան ի խնդիր»։
Երգահանդէսը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։