Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 12-14 Մարտ 2024-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Մայրավանքին մէջ, Անթիլիաս – Լիբանան, պիտի գումարուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստեր։

 

Կրօնական Ժողովը՝ իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննուին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։ Կրօնական Ժողովին անդամ է նաեւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Թեմակալ Առաջնորդներուն եւ թեմերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Թեմս պիտի ներկայացնէ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։

 

Իսկ վերջին օրը, պիտի գումարուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստ, մասնակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդներու եւ Ազգային Վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ