Օրհնութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Փետրուար 12-18, Հայաստանի վեց շրջաններու մէջ իրականացուեցաւ «Արցա՛խ, Մեր Տուն» մարդասիրական օժանդակութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան բնակութիւն հաստատած հայորդիներուն համար։

 

Առ այդ, յատուկ առաքելութեամբ, Գանատայէն Հայաստան ժամանեցին Թեմիս Կրօնական Ժողովի Ատենապետ, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետ` դոկտ. Տանիա Օհանեան։ Գանատայի Հայոց Թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւնը իր կամաւորական խումբի պատասխանատուներուն հետ՝ յանձինս Նայիրի Մկրտիչեանի եւ Էդկար Համբարեանի, շարունակեց Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած բռնի տեղահանուած արցախցիներու համար մարդասիրական առաքելութիւնը։

 

Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ կազմակերպուած ծրագիրը սկսաւ Արարատեան մարզի Էջմիածին քաղաքի «Մեր Տուն» հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնէն ներս, համագործակցութեամբ՝ «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական Հասարակական Կազմակերպութեան հիմնադիր Գէորգ Չիչեանի հետ։ «Մեր Տուն» կեդրոնէն ներս հաւաքուած էին 38 արցախցի երեխաներ` ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն։ Տէրունական աղօթքէն ետք` Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան ողջունեց ներկաները, գնահատեց անոնց ժպիտներն ու վերադարձի յոյսով ապրելու վճռակամութիւնը, ապա բաժնեց «Արցա՛խ, Մեր Տուն» խորհուրդով ու նշանաբանով պատրաստուած մարզազգեստները։

 

Արցախցի ծնողներու շնորհակալական արտայայտութիւններէն եւ երեխաներու արտասանութիւններէն ու երգերէն ետք, իր չափով փոքրիկ, սակայն խորութեամբ մեծ սրտի խօսքը ուզեց արտայայտել՝ վեցամեայ Վիքթորիա Մնացականեանը, որ ծնած է Շուշի, անկէ տեղահանուած Ստեփանակերտ, ապա՝ Էջմիածին։ Վիքթորիան երկար լռութենէ ետք, Հայր Սուրբի թեւին տակ գտաւ իր հաւատքն ու յոյսը եւ ըսաւ.- «Ես հաւատում եմ Աստծուն եւ հաւատում եմ, որ մի օր վերադառնալու ենք Շուշի»։

 

Յաջորդ հանգրուանը Մասիս քաղաքն էր, ուր մատչելի բնակարաններու առկայութեան եւ Դարբնիկ գիւղի մէջ հանրակացարանի գոյութեան շնորհիւ՝ ապաստանած են բազմաթիւ արցախցիներ։ Համագործակցութեամբ տեղւոյն «Ապահով Անկիւն» ընկերային-կրթական Հասարակական Կազմակերպութեան նախագահ Նայիրա Նահապետեանի հետ, նախաձեռնող խումբը հիւրընկալուեցաւ իսկական հայկական օճախէն ներս, ուր համախմբուած էին 42 երեխաներ, որոնք ստացան իրենց բաժին հասած մարզազգեստները եւ մեծ թիւով ծնողներ, լսեցին Հայր Սուրբի յուսադրիչ ու քաջալերական խօսքերը։

 

Յաջորդ հանգրուանը Գեղարքունիք մարզի սահմանամերձ Վարդենիս քաղաքն էր, ուր հաստատուած են մեծ թիւով արցախցիներ։ «Կարօ Յովակիմեան Բարեգործական Հիմնադրամ»-ի Տնօրէն՝ Յակոբ Մաքտիսիի հետ համագործակցաբար, 150 վերմակ բաժնուեցաւ Արցախցի հայրենակիցներուն։

 

Յաջորդաբար Գանատայի Հայոց Թեմի ներկայացուցիչները ուղղուեցան Արագածոտն Մարզի Մուղնի գիւղը, ուր արցախցի 18 երեխաներ ու ծնողներ հիւրընկալուեցան Ֆրանսայէն հայրենադարձ՝ Հրայր եւ Միլակրոս Քարօղլանեաններու ջերմ օճախէն ներս։ Երեխաները տէրունական աղօթքէն ետք, ուրախութեամբ ստացան իրենց մարզազգեստները եւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան իր մաղթանքը ուղղեց երեխաներուն, մէջբերելով Թումանեանի խօսքերը.- «Ապրէ՛ք երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէք»։ Եւ յարեց՝ «Ազատ ու անկախ Արցախի մէջ ապրելու յոյսը, թող միշտ վա՛ռ մնայ ձեր մէջ։ Ձեր փայլող աչքերուն մէջ է, որ մենք կը տեսնենք այդ յոյսի նշոյլը»։ Հայր Սուրբին հետ միասին, ներկաները երգեցին Արցախի օրհներգը եւ արձակուեցան «Պահպանիչ»-ով։

 

Վերջին հանգրուաններն էին Գիւմրին ու ապա՝ Վանաձորը։

 

Առաջին կայանը Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքի «Ալամեզոն» հիւրընկալ ու ջերմ կեդրոնն էր։ Համագործակցութեամբ «Միասին» Հիմնադրամի Տնօրէն՝ Սաթենիկ Յովհաննէսեանի, այնտեղ, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ, հաւաքուած էին 32 երեխաներ, որոնք կեդրոնի անունին (Ալամեզոն – A la Maison) համահունչ՝ իրենք զիրենք կը զգային իրենց տան մէջ, որոնք յաճախ հիւրընկալուած են այդ կեդրոնէն ներս։

 

Հանդիպման մեկնարկը, դարձեալ, մանկական շրթներով, մաքուր սրտով ու ակնածանքով արտասանուած՝ «Հայր Մեր»-ն էր։ Գերապատիւ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ նշեց.- «Մենք հեռաւոր Գանատայէն եկած ենք, բայց այդ հեռաւորութիւնը ոչինչ կը նշանակէ, քանի որ սրտերով այնքա՜ն մօտ ենք մենք իրարու։ Եկած ենք ձեզի ըսելու, թէ՝ դուք առանձին չէք. գանատահայութիւնը միշտ կը մտածէ ձեր մասին, մեր մանուկներն ու պատանիները կ’աղօթեն Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար։ Այսօր, այդ աղօթքները գործի վերածած՝ եկած ենք այստեղ, ֆիզիքապէս ձեզի հետ ըլլալու եւ ձեր աչքերուն մէջ նայելով՝ ձեզմով զօրանալու ու ներշնչուելու։ Այս սրահին մէջ շաղախուած են Գիւմրիի ստեղծագործ ու զուարթ ոգին եւ արցախցիի անկոտրում կամքը, որոնք վստահաբար յատուկ ուժ ու զօրութիւն մը կու տան այս փոքրիկներուն։ Մենք պիտի յաղթենք՝ մեր հաւատքն ու յոյսը վառ պահելով։ Թշնամին կրցաւ մեր տուները քանդել, հողերը գրաւել, սակայն երբեք թոյլ պիտի չտանք, որ մեր յոյսն ու հաւատքը խլէ մեզմէ։ Ճիշտ է, որ դուք ձեր հայրենի օճախներէն հեռու էք, բայց տակաւին հայրենիքի մէջ էք։ Եկած ենք խորհրդանշական նուէրներով, մեր գործնական սէրը արտայայտելու ձեզի եւ ըսելու, թէ՝ որպէս արցախահայեր մեր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունիք, մենք հպարտ ենք ձեզմով եւ վստահ ենք, որ արդարութիւնը չի վերանար, լոյսը միշտ կը յաղթէ խաւարին, բարին՝ չարին, սէրը՝ ատելութեան: Հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ առաքինութիւնները, որոնցմով մկրտուած ենք որպէս քրիստոնեաներ, մեր կեանքէն պէտք չէ հեռանան»։

 

Գիւմրիէն մեկնելով դէպի Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաք, դարձեալ համագործակցութեամբ «Կարօ Յովակիմեան Հիմնադրամ»-ի Տնօրէն՝ Յակոբ Մաքտիսիին, համախմբուած էին 65 արցախցի երեխաներ, որոնք ստացան մարզազգեստներ։

 

Ծրագրին փակումը եղաւ «օրհնուած» հացով, արցախահայ՝ Լեռնիկ Շաքարեանի նորաբաց փուռին մէջ։ Տաք ժինկալով հացի անուշ բուրմունքէն աւելի լաւ վերջաբան չէր կրնար ունենալ այս օգտաշատ ծրագիրը։

 

Գանատայի Հայոց Թեմի սոյն առաքելութիւնը մարզազգեստներ բաժնելէ անկախ, կ՚ընդգրկէր նիւթական աջակցութիւն կարիքաւոր ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ նիւթական հատկացում աշխատասէր ու ձեռներէց երեք արցախցիներու՝ փռապանի, շինարարի եւ վարսայարդարի, որպէսզի անոնք աշխատին, վաստկին իրենց օրապահիկը եւ մնան հայրենիքի մէջ։

 

Նշենք, որ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ առողջապահական ծանր հարցեր դիմակայող արցախցի երեխաներու, որոնցմէ մին սրտի վիրահատութեան պիտի ենթարկուի, ուրիշ մը՝ ողնայարի աճման հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ դեղորայքի ծախսը հոգացուեցաւ առողջական այլ խնդիրներ ունեցող երեխաներու։ Նշենք, որ կարելի եղաւ բաժնել 200 մարզազգեստ, 150 վերմակ եւ 6000 ներքնաշոր (pampers) նորածին մանուկներու։

 

«Արցա՛խ, Մեր Տուն» Գանատայի Հայոց Թեմի Մարդասիրական Ծրագիրը կը հովանաւորուի գանատական ոչ-հասութաբեր հիմնադրամներու աջակցութեամբ, որոնց նպատակն է Ազգային Առաջնորդարանի հետ համագործակցաբար արցախահայութեան օգնութիւն տրամադրել, որպէսզի կարենան լիարժէքօրէն ապրիլ եւ արարել Հայրենիքի մէջ:

 

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Միասին» կրթամշակութային, ընկերային, հոգեւոր-դաստիարակչական Հասարակական Կազմակերպութեան հիմնադիր Գէորգ Չիչեանին, «Ապահով Անկիւն» ընկերային-կրթական Հասարակական Կազմակերպութեան նախագահ Նայիրա Նահապետեանին, «Կարօ Յովակիմեան Բարեգործական Հիմնադրամ»-ի Տնօրէն՝ Յակոբ Մաքտիսիին, Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Միլակրոս Քարօղլանեաններուն, «Միասին» Հիմնադրամի Տնօրէն՝ Սաթենիկ Յովհաննէսեանին եւ մեր գործակիցներուն՝ Project Inn_able Հիմնարկին, Նայիրի Մկրտիչեանին եւ Էդկար Համբարեանին։

 

Արցախահայութեան կարիքները անսահման են, հետեւաբար շարունակենք նուիրաբերել եւ մեր ներդրումով աջակցիլ այս վեհանձն առաքելութեան, որպէսզի տեղահանուած մեր հայրենակիցները յոյսով ու արժանապատուութեամբ ապրին։

 

Կոչ կ՚ուղղենք Գանատահայ մեր գաղութի հաւատացեալ զաւակներուն անտարբեր չմնալ եւ գիտակցիլ վերջին հարիւրամեակի երկրորդ ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման ստեղծած լուրջ մարտահրաւէրին։

 

ԴԻՒԱՆ Ագային Առաջնորդարանի