Կիրակի, 25 Փետրուարին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշանով պարգեւատրեց տեարք Կարպիս Հանէշեան եւ Մանաս Ղազարեան, իրենց անսակարկ նուիրումին եւ երկարամեայ ծառայութեան համար։
Սոյն շքանշանը կը տրուի, Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ քառասնամեակի ծիրէն ներս։