Երեքշաբթի, 13 Փետրուար 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, նախագահեց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։
Անդաստանի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։
Տեառնընդառաջը տօնն է Յիսուս Քրիստոսի ընծայման Տաճարին։ Նոյն օրինակով հոգեւոր հայրերը երեխաներուն եւ փոքրերուն ընդունեցին ու Ս․ Խորանին ընծայեցին։