Շաբաթ, 6 Յունուար 2024-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան արարողութեան խորանին ծառայեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։ Ներկայ էր նաեւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ շրջանի Ազգային Երեսփոխաններն ու Պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեպարար պատգամը փոխանցեց (լսել տեսահոլովակը) եւ կատարեց ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն եւ սրբանկարներու օծում՝ որոնք պատրաստուած էին արուեստագէտ Տաթեւ Գոյումճեանի ձեռամբ եւ մտայղացումով։
Հուսկ, հաւատացեալներ՝ նորոգ հաւատքով ու երկիւղածութեամբ, սրբալոյս միւռոնով օրհնուած ջուրը՝ որպէս նոր օրերու օրհնութիւն, հոգեւոր ցնծութեամբ տարին իրենց տուները՝ Ս. Ծննդեան խորհուրդով լուսաւորելու համար նաեւ իրենց հարազատները:
ԴԻՒԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ