«Հայ եկեղեցին է, որ պայծառացաւ իր նուիրումով,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է, որ զօրացաւ
եւ մեր ժողովուրդն է, որ հպարտացաւ
իր ծոցէն ծնած հարազատ զաւակով»։
Ողջո՜յն քեզ Սեղան սրբութեան,
Ողջո՜յն ձեզ դասք քահանայութեան,
Ողջո՜յն ձեզ մանկունք եկեղեցւոյ,
Ողջո՜յն ձեզ հաւատացեալ եղբարք իմ ի Քրիստոս,
Ես ճանապարհորդեցի առ Արարիչն իմ, առ Քրիստոս յոյսն ամենեցուն։
Հոգելոյս Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան ինքն է, որ մեր շրթներով ողբաձայն երգեց այս «Ողջո՜յն»ները ։
Հոգելոյս Սրբազանը հրաժեշտ կու տայ իր իսկ սիրելի ու պաշտելի հայ եկեղեցւոյ, հրաժեշտ կու տայ Սուրբ Սեղանին, ուր վաթսուն տարիներ ծառայեց եւ որուն վրայ պատարագ մատուցեց։ Հրաժեշտ կու տայ իր հոգեւոր ծառայակից եղբայրներուն, եկեղեցւոյ զաւակներուն, հաւատացեալներուն, ըսելով՝«ես կ՚երթամ իմ Արարիչիս մօտ, կ՚երթամ Քրիստոսի մօտ որ յոյսն է բոլորիս»։
Հանգուցեալ Սուրէն Սրբազանը վաթսուն երկու տարիներ ծառայեց։ Անխոնջ կերպով, անսակարկ նուիրումով ծառայեց։ Վաթսուն երկա՜ր տարիներ անսակարկ կերպով ծառայեց Հայ Եկեղեցւոյ ճամբով մեր սիրելի ժողովուրդին։ Վաթսուն երկու երկա՜ր տարիներ մնաց հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ մնաց պատնէշի վրայ որպէս զինուորը նոյն Միաբանութեան։
Վաթսուն երկու տարիներ առաջ իր ներքին ձայնը՝ կոչումը առաջնորդեց զինք աստուածային օրհնութիւն ստանալու, Ս. Հոգւոյ շնորհքներով զարդարուելու եւ պատրաստ ծառայելու, որպէս կուսակրօն քահանայ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանէն ներս։
Վաթսուն երկու տարիներ առաջ ծունկի եկաւ եւ ուխտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի մայր տաճարի խորանին վրայ, դառնալու քարոզիչը Բանին Ճշմարտութեան, աստուածային խօսքի, աստուածային սիրոյ եւ քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքի։
Եղաւ դպիր, սարկաւագ, կուսակրօն քահանայ, վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ, եպիսկոպոս եւ արքեպիսկոպոս։ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերը ստացաւ եւ իր ծառայութեամբ եւ գործով փաստեց, որ արժանի էր այդ աստիճաններուն։ Այդ աստիճաններով չհպարտացաւ երբեք, հանգամանքներն ու պաշտօնները չշեղեցին զինք իսկական ու սրբազան առաքելութենէն։ Հայ եկեղեցին է, որ պայծառացաւ իր նուիրումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է, որ զօրացաւ եւ մեր ժողովուրդն է, որ հպարտացաւ իր ծոցէն ծնած հարազատ զաւակով։
Հոգելոյս Սրբազանը, մեր սերունդին համար եղաւ Դպրեվանքի Փոխ Տեսուչ, ուսուցիչ, միաբանակից եղբայր եւ սրտամօտիկ հարազատ։ Ան մեզի համար եղաւ օրինակելի տիպար եւ ներշնչման աղբիւր, առաւել գիտակցութեամբ կոչում ստանալու եւ ծառայելու Հայ եկեղեցւոյ ճամբով սիրեցեալ մեր ժողովուրդին։
Վաթսուն երկու տարիներու ընթացքին ստանձնեց հովուական, ուսուցչական, առաջնորդական պաշտօններ։ Վաթսուն երկա՜ր տարիներ հովուական, կրթական, թէ թեմական ծառայական դաշտին մէջ եղաւ արթուն պահակ, բարի ու քաջ հովիւ։ Արթուն պահեց իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալ, հոգեւոր զգաստութեամբ մօտենալու Աստուծոյ, զգալու Աստուծոյ ներկայութիւնը իր ամենօրեայ կեանքին մէջ։ Արթուն պահեց իւրաքանչիւր հայ, մնալու հայութեան հետ եւ ըլլալու հայութեան համար։ Մէկ խօսքով աննման էր իր նուիրուածութիւնը: Կարեկցութեամբ լեցուն սրտով եւ սիրոյ ոգիով Սուրէն սրբազան իր կեանքը նուիրաբերեց Աստուծոյ եւ հայութեան ծառայութեան:
Որպէս ուսուցիչ եւ քարոզիչ՝ սրբազանը լուսաւորեց արդարութեան ուղին՝ կիսելով սուրբ գրութիւններու իմաստութիւնը ողջամիտ հայեացքով եւ պարզութեամբ: Անոր քարոզները սոսկ խօսքեր չեղան, այլ վկայութիւն այն կեանքի մասին, որ ապրեցաւ աստուածային կամքին համապատասխան:
Հովիւ բարի, անձնդիր, առաքինի, մաքրակրօն, խոհեմազարդ ու զգօնամիտ, սրտեռանդ ազգասէր, աննկուն ու բազմաջան, ահաւասիկ իր բարեմասնութիւնները։
Այսօր, թէեւ մենք կը սգանք իր ֆիզիքական բացակայութիւնը, բայց եւ այնպէս կը մխիթարուինք քաջ գիտնալով, որ ան երկնային թագաւորութեան յաւերժական խաղաղութեան մէջ կը հանգչի՝ վերամիաւորուելով Տիրոջ հետ, որուն այդքան հաւատարմօրէն ծառայեց:
Հանգչեցէք խաղաղութեամբ, հոգելոյս սիրեցեալ Սուրէն Սրբազան։ Ձեր կեանքը հաւատքի, սիրոյ եւ ծառայութեան վկայութիւն դարձաւ: Ձեր յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ, եւ ձեր տիպարը պիտի ճառագայթէ գալիք սերունդներուն:
Այս առթիւ, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր եղբայրներուս, կրօնական ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, ազգային եւ եկեղեցական մարմիններուն, յատկապէս Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, Հայ Կեդրոնի մէջ գործող ազգային-քաղաքական եւ միութենական կառոյցներուն, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ ողջ ժողովուրդին՝ խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ողջ միաբանութեան, իր ընտանիքին եւ քրոջ՝ Նուարդ Թաշճեանին, Տէր եւ Տիկին Յովհաննէս եւ Սեդա Գաթարոյեանին եւ Գաթարոյեան, Պոյաճեան եւ Թաշճեան ընտանիքներուն ու բոլոր հարազատներուն։
Հոգելոյս Սրբազանին փափաքն էր՝ վերադառնալ իր հոգւոյն ծծդավայր՝ Անթիլիասի Մայրավանք, որպէսզի հոն ննջէ ՝ յարութեան յոյսի սպասումով։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, հոգելոյս Սրբազան հօր միւռոնուած մարմինը, արժանաւորապէս պիտի հանգչի Անթիլիասի Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ, իր վախճանեալ միաբանակից եղբայրներուն կողքին։
Յիշատակն արդարոյն՝ օրհնութեամբ եղիցի։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի