«Մենք կը նշենք կառոյցի մը, հաստատութեան մը ամեակը, որ սովորական կառոյց չէ, սովորական շէնք չէ, այլ հաւաքականութեան մը ամբողջականութիւնը դրսեւորող, հաւատք, ազգային ոգի եւ հայեցի շունչ դրսեւորող։ Այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ որքա՜ն հաւատացեալներ աղօթած են։ Այս կամարներուն տակ, որքա՜ն մեր հայրերուն շարականները լսուած են։ Այս խորանին առջեւ որքա՜ն երիտասարդներ միացած են, զաւակներ ծնած են։ Այս Աւազանին մէջ, որքա՜ն մանուկներ վերստին ծնած են եւ դարձած են ժառանգակիցներ Քրիստոսի», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ վաթսուն հինգ ամեակին առթիւ, Շաբաթ 16 եւ Կիրակի 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ եւ Ս. Պատարագ՝ նոր թափով ու տեսիլքով վերընձիւղելու համար եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու երթը:

Յոբելենական ճաշկերոյթ

Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-ամեակի ճաշկերոյթը։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավարը՝ Հրակ Կիսասարկաւագ Պանքեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն։

Ապա հրաւիրեց Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պրն. Սարօ Տէր Պետրոսեանը, որ յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ողջունեց ներկաները։

Ատենապետին խօսքէն ետք, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը ժողովրդական երգեր։

Հանդիսութեան ընթացքին կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ ջահը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ։

Յոբելենական ձեռնարկին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանին արժանացան Տեարք՝ Ստեփան Չաքմաքճեան եւ Գէորգ Օհանեան։

Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» շքանշանին արժանացան տիկնայք Յասմիկ Նաճարեան եւ Շողիկ Նաճարեան։

Ազգային Առաջնորդարանի «Յովհան Մանդակունի» շքանշան ստացան Տեարք՝ Րաֆֆի Աբանեան, Վարդան Բաբախեան, Սարգիս Գոյումճեան, Սարգիս Սարկաւագ Եաղճեան, Ատոմ Մալխասեան, Լեւոն Նաճարեան եւ Ճորճ Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ տիկնայք՝ Կիլտա Սուլաքեան, Վիգի Զարզավաճեան, Հիլտա Օգումուշեան եւ Ռիթա Օհանեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնութեան գիրով գնահատեց Առէն Կիսասարկաւագ Պապիկեանը։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ «65 տարիներ ետք եթէ երթանք, կը տեսնենք, որ խումբ մը նախանձախնդիր հայորդիներ համախմբուած տեսիլք մը կ՚ունենան, կը մտածեն, կը ծրագրեն եւ կը գործադրեն Եկեղեցւոյ մը կառուցումը եւ այդ Եկեղեցւոյ հիմը կը դնէ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին՝ Հայ Կեդրոն, Հայ Դպրոց։ Քիչ առաջ ամենամեծ վկայութիւնն էր երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներու վկայութիւնը՝ իրենց ծնողներէն ստացած ոգին, Հայ Եկեղեցիէն առած շունչն ու հաւատքը, Հայ Կեդրոնէն առած ազգային շունչը եւ կրթական հարստութիւնը՝ հայ դպրոցէն»։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց տօնելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65-րդ ամեակը, որ խորքին մէջ ցոլացումն է անցեալի եւ ներկայի իրերայաջորդ սերունդներու հաւաքական ջանասիրութեան ու վաստակին:

​Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը եզրափակեց շնորհաւորելով ու գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու անոնք՝ որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ պայծառացման ու շինութեան օրհնեալ գործին, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւին ու բոլոր հոգաբարձական կազմերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն, յորդորելով շարունակել նախնեաց ճանապարհն ու ծառայական ուղին։

​Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

​Յոբելենական հանդիսութեանց ծիրին մէջ, Կիրակի 17 Դեկտեմբեր 2023-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:​

Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին, Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան եւ Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տալով Աստուծոյ, ապա, ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ կեանքը իմաստաւորող եւ կենսաւորող նուիրեալ ծառայողներուն ու ծխական համայնքին, յորդորելով՝ նոր աւիւնով ու կենսունակութեամբ ընթանալ այն ճանապարհէն, որ հարթած են մեր նախնիները:

«Մենք կը նշենք կառոյցի մը, հաստատութեան մը ամեակը, որ սովորական կառոյց չէ, սովորական շէնք չէ, այլ հաւաքականութեան մը ամբողջականութիւնը դրսեւորող, հաւատք, ազգային ոգի եւ հայեցի շունչ դրսեւորող։ Այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ որքա՜ն հաւատացեալներ աղօթած են։ Այս կամարներուն տակ, որքա՜ն մեր հայրերուն շարականները լսուած են։ Այս խորանին առջեւ որքա՜ն երիտասարդներ միացած են, զաւակներ ծնած են։ Այս Աւազանին մէջ, որքա՜ն մանուկներ վերստին ծնած են եւ դարձած են ժառանգակիցներ Քրիստոսի», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձական կազմի օրհնութիւն: