Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբեր 2023-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան կազմը։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ ՀՄԸՄ-ի համագործակցութեամբ Ղեւոնդ Երէց շքանշանի դասընթացքներուն մասին, որ կը փոխանցուին Թեմիս Հոգեւորականներուն կողմէ եւ որուն կը մասնակցին մասնաճիւղերու խմբապետները։

Պրն. Մանուէլ Քէօսէյեան, ատենապետ Շրջանային Վարչութեան՝ անդրադարձաւ միութեան վերջերս կազմակերպած մարզական խաղերուն, յատկապէս, որ ամիս մը առաջ համախմբեց մի քանի հարիւր մարզիկներ Մոնթրէալի մէջ, ինչպէս նաեւ Արցախահայութեան համար նախատեսուած ծրագիրներուն, եւ Գանատայի տարածքին մատղաշ սերունդը հայեցի կրթութեամբ դաստիարակելու առաջնահերթութեան մասին։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը եւ բարի առաքելութիւն մաղթեց անոնց, շեշտը դնելով համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ։

«ՀՄԸՄ-ը իր կարեւոր տեղը ունի Հայ կեանքէն ներս եւ հիմնական դերը հայապահպանման աշխատանքին մէջ», շեշտեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։