Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Շնորհաւորեց
Լիբանանի Անկախութեան Տօնը
Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2014-ին, Երեկոյեան ժամը 7-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի եւ Ազգային Քաղաքական Ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի եւ Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեանի, պաշտօնական այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ, Լիբանանի Անկախութեան 71րդ տարեդարձին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պաշտօնապէս շնորհաւորեց յարգելի Հիւպատոսը անոր յայտնելով Գանատահայութեան ամբողջական սէրն ու երախտագիտութիւնը Լիբանանի ու անոր ազատատէնջ եւ քաջարի բանակին։