Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ուինիփէկի «Chapellenie Cœur-Immaculé-de-Marie» Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը, որ նաեւ կատարեց ձեռնադրութեան խարտաւիլակութիւնը։

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն ստացաւ՝ Բարեշնորհ Սարմէն Սարկաւագ Պօղոսեանը։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր պատգամին մէջ, վեր առաւ Քրիստոսի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ես եկայ ծառայելու եւ ոչ, թէ՝ ծառայութիւն ընդունելու»։

«Աստուածորդին, իբրեւ ծառայ եկաւ այս աշխարհ։ Ծառայեց բոլորին առանց խտրականութեան։ Իր աշակերտներուն սորվեցուց ծառայութեան մեծութիւնն ու ծառայ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Այս էր Քրիստոսի պատգամը՝ ծառայել բոլորին եւ ծառայութեամբ մեծնալ։ Քրիստոսի համբարձումէն ետք առաքեալներն ալ նոյն ձեւով, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ սարկաւագներ ձեռնարդրեցին, որպէսզի հոգեւոր սնունդին կողքին կարենային ֆիզիքական սնունդն ալ մատակարարել» շեշտեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

Ապա, իր խօսքը ուղղելով նորընծայ սարկաւագին, գնահատեց անոր նուիրումն ու ծառայական ոգին։

Իր պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց Հոգաբարձութեան անդամները եւ Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը։

Պատարագի ընթացքին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս կատարեց դպրաց դասի օրհնութիւն օրհնութիւն։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, սիրոյ սեղանի մը շուրջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պրն. Սարօ Պօղոսեանին եւ զայն պատուեց Նարեկեան աղօթքներով պատրաստուած արուեստի յատուկ գործերով։