Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի 30-ամեակի ճաշկերոյթը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին էին նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ու Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը։ Ինչպէս նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամներ։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։
«Ինչպէս որ քիչ առաջ երիցագոյն ընկերուհին ջահը փոխանցեց կրտսերագոյն ընկերուհիին, նոյնպէս մենք բոլոր մակարդակներու վրայ պէտք է կամքի, ուժի եւ կորովի ջահը փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն. այդ ջահը փոխանցելու պարտականութիւնը մե՛րն է. մենք այսօր ժամանակաւորապէս պարտուած ենք, բայց երբ պարտ
ութիւն կայ, կայ նաեւ յաղթանակ. մենք կը նայինք յաղթանակին, մենք կը նայինք կեանքին ու կը շարունակենք մեր պայքարը, որպէսզի վերստին տիրանանք ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանին», շեշտեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: