BT-Conference-22-NOV-2014[1] 20141122_145930On Saturday, November 22, His Grace Bishop Meghrig Parikian presided over the annual conference of the World Assembly, the Representatives of the Canadian Armenian National Assembly (CANAR) and Prelacy Churches Pastors and Board of Trustees, in Kingston, Ontario.

The theme of the seminar focused on the raison d’etre of the Church and on the necessity to rediscover and refresh the Vision and the Mission of the Armenian Church, and the importance of prayer and the study of the Word of God, the Holy Bible in our individual and communal lives. Through lectures, workshops and reflections, the participants of the seminar discussed issues and challenges facing the Armenian Church in Canada, and sought proactive solutions.

 

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ, ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ
ՄԻՕՐԵԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՔԻՆԿԸՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2014-ին Քինկսթընի «DELTA Kingston Waterfront Hotel»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի տարեկան Ազգային Երեսփոխաններու, Պատգամաւորներու եւ Հոգաբարձութեանց միօրեայ խորհրդաժողովը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Մեղրիկ Ս․ Եպս․ Բարիքեանի եւ ներկայութեամբ Ազգային Վար-չութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներու Հոգեւոր Հայրերն ու անդամները, ինչպէս նաեւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ծառայող Հոգեւոր Հովիւները, Ազգ․ Երեսփոխանները, Պատգամաւորներն եւ Հոգաբարձութեանց անդամ-անդամուհիները։

Օրակարգերու բացումը կատարուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի բարի գալուստի խօսքերով։ Օրակարգի առաջին նիւթով զեկոյցներ ներկայացուցին հետեւեալ խորհուրդներն ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները․- Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդ՝ Հոգշ․ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան (Վարիչ), Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդ՝ Պրն. Յակոբ Պուլկարեան (Ներկայացուցիչ), Տնտեսական Խորհուրդ՝ Գրիգոր Գույումճեան (Գանձապահ), Կանանց Խորհուրդ՝ Տիկ․ Ծովիկ Թերզեան (Ներկայացուցիչ)։ Սոյն ներկայացումներէն ետք իւրաքանչիւր եկեղեցի զեկուցեց իր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին։

Պրն. Պարգեւ Թիթիզեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ աշխատա-նոց «Վերադարձ Դէպի Ապագայ – Ակնկալութիւններ եւ Նոր Հնարաւորու-թիւններ» նիւթին շուրջ, ուր քննարկուեցան Թեմիս ու անոր եկեղեցիներու ապագային մասին, ուր մասնակիցները կեդրոնացան տեսլականի մը վրայ եւ անոր տարբերակներուն։ Տեղի ունեցան հարցադրումներ, արձանագրուե-ցան առաջնահերթութիւններ եւ առաջարկուած փոփոխութիւններ ու անոնց հետեւանքները։

Օրակարգի վերջին նիւթով, Գէմպրիճի Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան կատարեց ՝ «Ինչպէ՞ս տեղափոխել եկեղեցին դէպի ապագայ» խորագրով խորհրդածութիւն մը։ Հոգշ․ Հայր Սուրբը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն մասին.- «Զհաց մեր հանապազորդ» մեկնաբանութեան մասին, որ պէտք է հաւասարակշիռ ըլլանք նիւթականին եւ հոգեկան սնունդին միջեւ։ Ունենանք Առաքելական տեսլական եւ պատրաստենք ժողովուրդն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը, որ միայն հանդիսատես չըլլան, այլ մասնակից դառնան եկեղեցւոյ կեանքին։ Որպէս քրիստոնեայ հայեր, պէտք է աղօթենք, ստանալու համար տեսիլք, շնորհք ու Աստուծոյ Օրհնութիւն։ Հայր Սուրբը խորհրդածութիւնը փակեց հետեւեալ խօսքերով. «Քրիստոնէական հասկացողութեամբ պէտք է մե՛նք փոխուինք, որպէսզի կարենանք մեր շրջապատն ու առօրեան փոխել»։

Խորհրդաժողովը հասաւ իր աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով։ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեան նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս օրը պարգեւեց բոլորիս ու ապա անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն մասին.- Գնահատեց եւ շնորհաւորեց բոլոր մասնա-կիցները եւ խնդրեց որ Հոգաբարձութեան անդամ-անդամուհիները Հոգեւոր Հայրերուն որպէս օգնականներ՝ շաւիղ դառնան եկեղեցիներու առաքելութեան։ Հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի մասին, որ տեղի ունեցած էր 11-13 Նոյեմբեր 2014, Էջմիածնի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Լաւալի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան, հաստատեց ըսելով՝ «Աստուծոյ կամքով Եկեղեցին պիտի կառուցուի եւ հասնի իր լրումին»։ Ան խնդրեց որ լաւատես ըլլան եւ այս աշխարհի վրայ հատուցում չսպասեն։

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» օրհներգով եւ Հայրապետական Մաղթանքով։

20141122_134015