3 եւ 4 Օգոստոս 2023-ին,
Թորոնթոյի Tyndale համալսարանէն ներս, տեղի ունեցաւ Global Leadership Summit-ի տարեկան համագումարը։
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ծառայող՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան եւ Բարեշնորհ Տարօն Սարկաւագ Հալաճեան։
Սոյն համաշխարհային համագումարը առիթ կը հանդիսանայ,
որ մասնակիցները նորոգեն իրենց ղեկավարման մօտեցումները
Աստուածաշնչական զօրութեամբ եւ օգտակար դառնան ամէնօրեայ մեր այն միջավայրին, ուր օրստ օրէ կը բարդանան մարդկային մարտահրաւէրները։