ԳԵՂԱՐԴ Ծ. ՎՐԴ. ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ
ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻ ԱՆՈՒԱՆ ՊԱՏՈՒԱԳՐԻՆ
Երկուշաբթի, 10 Յուլիս 2023-ին, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Տիար Պրայն Մէյ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը արժանացուց Մեծն Բրիտանիոյ «Էլիզապէթ Բ. Թագուհի»-ի յոբելինական շքանշան-պատուագրին։
Գանատայի Հայոց Թեմի արխիւներուն մէջ, Հայր Սուրբը դարձաւ անդրանիկ հոգեւորականը, որ արժանացաւ սոյն պատուագրին, համայնքին տածած իր տարիներու ծառայութեան որպէս խորհրդանիշ։
Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս կը ծառայէ 2009 թուականէն ի վեր։ Հայր Սուրբը ստացած է մագիստրոսի վկայականը 2016 թուականին՝ Մըգ Մասթըր Աստուածաբանական Համալսարանէն։ Իր ծառայութեան տարիներուն, նշանակուած է Առաջնորդական Փոխանորդ, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու Վարիչ, ինչպէս նաեւ հովուական ծառայութիւն կատարած է Սէնթ Գաթրինզի, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ։ Այժմ, ան Ատենապետն է Կրօնական Ժողովին, կը դասաւանդէ Սուրբ Գրային նիւթեր Ազգային Առաջնորդարանի քահանայից պատրաստութեան թեկնածուներուն, ինչպէս նաեւ՝ Թեմէս ներս ծառայութեան կոչուած նորընծայ եկեղեցականներուն եւ Հոգեւոր Հովիւն է Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ։
Այս առիթով, մեր խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Գանատայի Խորհրդարանի անդամ Տիար Պրայն Մէյին եւ կը շնորհաւորենք Գերապատիւ Հայր Սուրբը այս պատիւին համար։
Father Keghart Honoured with Queen Elizabeth II Platinum Jubilee Award
Cambridge, July 10, 2023_ In the history of the Armenian Prelacy of Canada, Right Reverend Father Keghart Kosbakian has been the first clergy to be honoured with Queen Elizabeth II Platinum Jubilee award during a special ceremony in Cambridge, Ontario, by The Honourable Bryan May, Member of Parliament in Canada.
The award was bestowed to Father Kosbakian for his dedication to the community and the country. He has been serving in Canada since 2009, with special roles and capacities as Prelacy of Canada Vicar General, Coordinator of the Youth Ministry, and continues to teach the Bible to Prelacy clergy novices. He has served in St. Catharines, Toronto, Montreal, and since 2020 has been serving as the pastor of St. Nishan Armenian Church in Cambridge and Southern Ontario. Rt. Rev. Kosbakian received his master’s degree in theological studies, in 2016, from McMaster Divinity College.
Our deepest gratitude to The Honourable Bryan May, MP for this award, and congratulations to our pastor for this special honour.