«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ, ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՇԵՇՏՈՒՄԸ, ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ, ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

——— ———

Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորս տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդներ եւ թեմերու պատգամաւորներ։ Ներկայ էին շուրջ 125 պատգամաւորներ։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք Ժողովը, ներկաներուն յայտնեց, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան վճռորոշ հանգրուանին գումարուող այս Ժողովը կոչուած է այնպիսի որոշումներ առնելու եւ աշխատանքի ուղղութիւններ ճշդելու, որոնք մեր Ս. Աթոռին համազգային առաքելութեան նոր ծաւալ ու շեշտ պիտի տան: Ապա Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց պատգամաւորներու երիցագոյն ու կրտսերագոյն անդամներէ կազմուած առժամեայ դիւանի նշանակում, որուն յաջորդեց մնայուն դիւանի ընտրութիւնը:

 

Ապա ատենապետը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց իր պատգամը փոխանցելու Ժողովին: Նորին Ս. Օծութիւնը յիշելէ ետք, որ վերջին հինգ տարիները տագնապալից տարիներ եղան համաճարակին, Արցախի պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Լիբանանի ընկերատնտեսական տագնապին հետեւանքով, յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ:

 

Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք Կաթողիկոսութեան առաքելութեան յատկանշական երեսներուն ու իրագործումներուն, յառաջիկայ շրջանին համար որպէս աշխատանքի հիմնական բնագաւառներ շեշտեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.- հայ եկեղեցւոյ վերանորոգում, մարդուժի պատրաստութիւն, արժէքներու վերաշեշտում, Սփիւռքի վերակազմակերպում, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն: Իւրաքանչիւրին մասին Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակից դառնալու մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան, որովհետեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հոգեւոր արժէքներու կենսագործման ու կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, նաեւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումն է ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը:

 

Նոյն օրը, յաջորդող նիստերուն տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացում: Շուրջ 400 էջերու վրայ տարածուած յիշեալ տեղեկագիրները համապարփակ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ: Հարցումներուն պատասխան տրուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն կողմէ:

 

Ժողովը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ յաջորդող երկու օրերուն: