Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2022-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, նախագահեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Մեղրիկ Բարիքեան» դպրաց դասի ամանորի համերգը։
«Մեղրիկ Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Տիկին Հիլտա Գանտահարեանին, ելոյթ ունեցաւ ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան երգերով։ Համերգի բացումը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ փակման օրհնութեան իր խօսքին մէջ, մեծապէս գնահատեց Տիկին Գանտահարեանը եւ բոլոր փոքրիկները, որոնք իրենց գեղեցիկ ներկայացումով լիացուցին ներկաներուն սրտերն ու հոգիները։
Նոյն օրը, տեղի ունեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ աւանդական տօնավաճառի բացումը եւ կաղանդի ծառի եւ մսուրի լուսաւորումը։ Սոյն երեկոյի նախաձեռնութիւններուն մեկենասներն էին Տէր եւ Տիկին Յարութ Սիփան։