Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քահանայ Գոյունեանին եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Տիկին Աննա Պուլկարեանին, ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի վերանորոգուած խմբավայրի բացման։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթքով օրհնեց եւ ապա պաշտօնական բացումը կատարեց Աննա եւ Մանուկ Չուխաճեան խմբավայրին, ուր աշակերտները ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի օգտագործեն վայրը որպէս ճաշասրահ եւ խմբավայր։