12 Նոյեմբեր 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ներկայ գտնուեցաւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթին, ուր նշուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 39-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիկին Արփի Աշքարեան։

Ճաշկերոյթի ընթացքին, Ազգային Առաջնորդարանի եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնհատագրին արժանացան տասնամեակէ մը աւելի իրենց կամաւոր ներդրումը բերած եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումի անդամներ՝ Անժել Պալճեան, Անի Գասամանեան, Ծաղիկ Փալազեան, Լենա Փոստաճեան, Մարալ Մինասեան, Ռոզիկ Թաթարեան, Սեդա Դաւիթեան, Սիրուն Աւագեան եւ Զուարթ Թիթիզեան, որոնք անշահախնդիր նուիրումով կը ծառայեն տեղւոյն եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ բարեզարդման համար։