Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2022-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց բացումը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի նորակառոյց համակարգչային ստեղծագործարանին։

Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին կ՚ընկերակցէին Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Գէորգ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։

Բացման արարողութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ կատարեցին ստեղծալուծարանի մեկենասները Տէր եւ Տիկին Սարօ եւ Թամարա Տէր Պետրոսեանները։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս հայրական իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Տէր Պետրոսեան ամոլին այս գեղեցիկ մտայղացքը եւ շնորհաւորեց վարժարանի ընդհանուր տնօրէն՝ Տիկին Լոռի Ապրաքեանը, ուսուցչական կազմն ու Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի մեծ ընտանիքը։