Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Քէպէգի հայ վարժարաններու տնօրէնութեանց՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Ալէք Մանուկեան Վարժարանի, Նարեկ Վարժարանի եւ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի, Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողական հանդիպում-դասախօսութիւն՝ հոգեբան Նորա Շիթիլեանին հետ, որ ժամանած է Լոս Անճելըսէն։ Դասախօսութեան նիւթն էր «7 Ուղիներ Մեր Զաւակներուն հետ կապակցելու»։
 
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնը՝ Շահէ Թանաշեան, որ յանուն կազմակերպիչներուն բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ կարեւորութեամբ շեշտեց հայ դպրոցի ծանրակշիռ դերը գաղութիս մէջ, հայոց լեզուի կարեւորութիւնն ու դպրոցներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ապա, Պարոն Թանաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, սոյնպիսի մտայղացում ունենալու համար, որ կ՚օժանդակէ համայնական ջանքերու յաւելեալ լարման աշխատանքին եւ նշեց, որ համայնքը հզօր է երբ միասնական է։
 
Այնուհետեւ, դասախօսը՝ հոգեբան Նորա Շիթիլեան ներկայացուց դասախօսութիւնը, շեշտելով երեխաներու հետ մեր ունեցած յարաբերութեանց կարեւորութիւնը, ապահովութեան եւ ինքնավստահութեան ամրացումը, նկարագրի կերտումն ու անոնց հետ կապակցելու ուղիները։ Դասախօսութենէն ետք, ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղել Տիկին Շիթիլեանի եւ ստացան մասնագիտական պատասխաններ։
 
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքն ու պատգամը։ Առաջին հերթին, ան գնահատեց համայնքի դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայ դպրոցին։
Այնուհետեւ, շեշտեց հայ դպրոցի կարեւորութիւնը, նշելով որ կառոյց մը շինելը բաւարար չէ, այլ պէտք է պահել զայն, գուրգուրալ, զօրավիգ կանգնիլ եւ հասցնել կատարելութեան։
 
Իր պատգամը եզրափակելով, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ կարեւորագոյնին՝ հայակերտման ու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային նկարագրի կերտման ու ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան, եւ նշեց, որ այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, կարիքը ունինք ոյժերու լարման, կարենալու համար վերակազմակերպուիլ եւ լծուիլ անձնդիր աշխատանքի, յանուն համայնքի գոյատեւման, բարգաւաճման եւ հայեցի ու ազգային նկարագրի պահպանման։
 
Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Ծնողները առիթ ունեցան անգամ մը եւս զրուցելու Տիկին Շիթիլեանին հետ։