Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունեմ ձեզ 2022-2023 տարեշրջանի դպրոցական վերամուտին առիթով։
       Վերամուտ է դարձեալ։ Նոր սկիզբ… նոր տարեշրջան։ Նոր խանդավառութիւն, նոր եռանդ եւ ձգտում՝ լաւէն լաւագոյնին։
 
        Սիրելի աշակերտ եւ աշակերտուհիներ,
        Ուսումնական ձեր ճանապարհին մէջ դուք յաջորդ հանգրուանին պիտի անցնիք։ Մշտապէս փնտռտուքի մէջ եղէք կրթութեան եւ գիտութեան ու մանաւանդ հաւատարիմ մնացէք մեր հայրերու սրբազան կտակին։
        Հայ Դպրոցը դարձեալ իր դռները բացաւ ձեր առջեւ որպէս հարազատ տուն հաղորդ դարձնելու ձեզի գիտութեան իմանալի լոյսին, մեր պատմութեան, լեզուին ու հայ հոգիին։ Եղէք իսկական ուսանողներ, աշխատասէր ու կարգապահ։ Այո՛ Հայ Դպրոցը ձեր հարազատ տունը նկատեցէք եւ ուրախութեամբ ու սիրով շփուեցէք մանաւանդ իրարու հետ։
        Սիրելի բարերարներ եւ նուիրատուներ, շարունակեցէք զօրավիգ կանգնիլ եւ ձեր առատաձեռն նուիրատուութեամբ սատար հանդիսացէք հայ դպրոցին, որպէս ան մնայ կանգուն եւ շարունակէ իր կոչումը իրականացնել։
        Հետեւաբար, կը շնորհաւորեմ նոր տարեմուտը բոլորիդ, ամէնօրեայ դպրոցներու՝ մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդականի, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներ։
         Այս առիթով, յատուկ կերպով կը շնորհաւորեմ նաեւ համալսարանական ուսանող-ուսանողուհիները եւ օրհնաբեր տարի մը կը մաղթեմ ձեր բոլորին։
 
Ձեզ սիրող եւ ձեզի համար միշտ աղօթող՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի