Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան եղաւ Վանգուվըրի հայ համայնքին հետ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին, նորօրհնեալ Սուրբ Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց:
Պատարագիչն էր՝ Հայր Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան: Հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ եւ շրջանի գործակից միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Ս. Պատարագի ընթացքին, «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. միւռոնի հեղումով կատարեց աւանդական ջրօրհնէքի արարողութիւնը, ի նշան հոգեւոր ցնծութեան, պայծառացման, մաքրութեան ու սրբութեան, մեղքերու, բժշկութեան եւ Սուրբ Հոգւոյ շնորհազարդման:
Հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին խօսեցաւ օրուայ աւետարանական ընթերցումին, նշելով որ, իւրաքանչիւրիս կեանքը կը նմանի այն խորտակուող նաւին, զոր Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր աստուածային փառքով փրկեց խորտակումէ՝ հասցնելով զայն խաղաղութեան նաւահանգիստ: Այս հրաշքին շարժառիթը մարդուս հաւատքն է իր Փրկչին հանդէպ, եւ այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիքը ունինք հաւատքի՝ թ՛է մեր անահատական եւ թ՛է հաւաքական կեանքի մէջ եւ մանաւանդ՝ հայրենիքի մէջ: Ապա, Բաբգէն Սրբազան շեշտեց, որ մեր նախնիները դժուարին հանգամանքներու մէջ հաւատքի ամուր վէմին վրայ շինեցին մեր հայրենիքը եւ տոկուն հաստատութեան մը երաշխիքը տուին մեզի, ի հեճուկս բոլոր տեսակի դժուարութեանց, մենք ալ պարտ ենք հետեւիլ անոնց եւ մեր հաւատքը դրսեւորել գործով:
Անդրադառնալով նորօրհնեալ Սրբալոյս Ս. Միւռոնով ջրօրհնէքին, Մեր եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ ալ ունինք նիւթական արտայայտութիւններ, որոնք սակայն կը բովանդակեն ոգեղէն խորհուրդ: Սրբալոյս Միւռոնով ջրօրհնէքին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ եթէ հաւատքով չնայինք միւռոնին, անիկա պարզապէս հոտաւէտ հիւթերու խառնուրդ մըն է, սակայն հաւատքի աչքերով, անիկա կը վերածուի վերածննդեան ու հոգեկան վերանորոգութեան խորհրդանիշի: Անիկա մեզի ցոյց կու տայ Տիրոջ շնորհքները եւ Ս. Հոգիի զօրութիւնը: Անիկա մեզ կը տոգորէ Աստուծոյ սրբագործող ներկայութեամբ: «Ուստի Տիրոջմէ հայցենք թողութիւն, բժշկութիւն, ֆիզիքական ու հոգեկան սրբութիւն, որպէսզի բոլորս ապրինք վերանորոգութիւն եւ վերածնունդ, եւ արժանի ըլլանք Տիրոջ զաւակները կոչումին: Թող օրհնուած ջուրը մեզ զօրացնէ եկեղեցւոյ ու ազգի մեր նուիրեալ ծառայութիւններուն մէջ, որպէսզի կարենանք մեր իւրայատուկ ինքնութիւնն ու հաւատքը ամուր պահել, զանոնք փոխանցելով ապագայ սերունդներուն», եզրափակեց ան:
Նշենք, որ Վանգուվըր այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ 26 Օգոստոսի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Սասուն ամառնային ճամբար, ուր մտերմիկ ժամանակ անցուց պատանիներուն հետ, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ համայնքի տարեկան քէռմեսին: Իսկ Կիրակի երեկոյեան, մասնակցեցաւ Սասուն ճամբարի հանդէսին։ Սրբազանը գնահատեց ճամբարի պատասխանատուները, որոնք ամէն տարի կը կազմակերպեն ճամբարը, առաւել եւս իր գնհատանաքը յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն, բոլոր կամաւոր աշխատողներուն, նուիրատուներուն, դասատուներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներուն ու մասնակից երեխաներուն, որոնք կու գան, կը հետեւին ճամբարի դասընթացքներուն եւ կը մեծնան հայօրէն։