Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ի երեկոյան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանի ու անդամ Տիկին Աննա Պուլկարեանի, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Քէպէգի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպած հանդիսութեան, որուն ընթացքին գնահատանքի արժանացաւ Քէպէգի Խորհրդարանի անդամ Քրիստին Սան Փիէռը՝ քաղաքական դաշտին մէջ իր տարած բազմաբեղուն գործունէութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբին հետ սերտ համագործակցութեան համար:

            Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ Սան Փիէռի երախտիքին, ու շնորհաւորեց զայն: