Ուրբաթ, 5 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի բազմավաստակ ուսուցիչ՝ Տիկին Սիլվա Գէորգեան-Քէօշքերեանի ողջերթի երեկոյթին, որ կազմակերպուած էր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւին ու Հոգաբարձութեան կողմէ, եւ Ազգային Առաջնորդարանիս «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ազգային-մշակութային ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրեց Տիկին Գէորգեան-Քէօշքերեանը, Ս. Յակոբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կրթական օճախին բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազան հօր կ՚ընկերանար Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մօտ Ազգայի Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիկին Աննա Պուլկարեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բան սիրոյ, գնահատութեան եւ երախտագիտութեան գիրին մէջ կը նշէր-. «Մեզի համար ուրախութիւն է, մեր բարձր գնահատանքը յայտնել ձեզի, ձեր բազմամեայ անսակարկ ծառայութեան համար՝ Ս. Յակոբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կրթական օճախին։
Հայ Դպրոցը միշտ ծաղկուն մնացած է ձեր նման անձնուէր մշակներու շնորհիւ։
Այսու, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը բարձրօրէն գնահատելով ձեր նուիրումը՝ «ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ» ազգային-մշակութային ծառայութեան շքանշանով կը պարգեւատրէ ձեզ»։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կ՚եզրափակէր, մաղթելով, որ Աստուած քաջառողջ եւ երկար կեանք շնորհէ Տիկին Գէորգեան-Քէօշքերեանին եւ վարձահատոյց ըլլայ անոր բարի գործերուն։