Յունիս 11-ի շաբաթավերջին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» Նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» Երկրորդական Վարժարանի ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսներուն եւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն:

            Երկուստեք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ գնահատեց դպրոցի տնօրէնութիւնը, կրթական մշակներն ու ծնողները, ապա, շրջանաւարտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Հայ Դպրոցին առաքելութիւնն ու դերը՝ աշակերտներու հոգեմտաւոր աճումին մէջ, եւ կանգ առաւ մեր ժողովուրդին ծառայելու հրամայականին վրայ, ընդգծելով, որ հայ դպրոցը միշտ լծուած է հայակերտումի ու մարդակերտումի ծառայութեան, իսկ աշակերտները կոչուած են հետեւելու անոր օրինակին ու երբ հասակ առնեն, հրաւիրուած են գործելու մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու ազգի ծառայութեան դաշտերուն մէջ:

            Բաբգէն Սրբազան յորդորեց շրջանաւարտները շարունակելու իրենց ձգտումը լաւագոյնին, ըլլալու օրինակելի ու պատասխանատու հայորդիներ եւ քաղաքացիներ, որպէս պատուաբեր անհատներ հայ համայնքին։

            Աւարտին, շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները: