Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
 
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին:
 
Պատարագիչն էր՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղոթակից էին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանն ու Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը, Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, գործակից միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին վերանորոգելու Հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան իրենց ուխտը։
 
Հանրապետական Մաղթանքի արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց դրօշներու օրհնութեամբ: Ապա, աղօթք բարձրացուեցաւ ի խնդիր մեր հայրենիքի ապահովութեան, հզօրացման ու բարգաւաճման։
 
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիրներուն եւ անկախութեան ճանապարհին ինկած բոլոր նուիրեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:
 
Արարողութիւններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկաները ուղղուեցան Եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր հաւաքուած էին Հ.Մ.Ը.Մ-ի Մոնթրէալի ու Լաւալի մասնաճիւղերու սկաուտներն ու շեփորախումբը: Տեղի ունեցաւ աւանդական տողանցքը:
 
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անկախութեան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, այնուհետեւ, բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու բոլոր սկաուտները: