Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Գէմպրիճի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տիար Ժոզէֆ Փոլատեանին:

            Տիար Փոլատեան այցելութեան նպատակն էր՝ արծաթեայ խաչով հնատիպ «Մաշտոց» մը նուիրել Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Թանգարանին:

            Նշենք, որ սոյն «Մաշտոց»ը տպուած է 1886 թուականին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքական Աթոռի տպարանին մէջ:

            Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տիար Փոլատեանը, նշելով, որ «Կիլիկիա» թանգարանը պիտի հարստանայ պատմական նշանակութիւն ունեցող հնատիպ նոր գրքոյկով մը: