Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Խաչի Երեւման տօնին առիթով, Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսապետեց Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ ներկաները լիցքաւորելով Ս. Խաչի զօրութեամբ:

            Ս. Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեան: Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Ազգային Վարչութեան եւ Հոգաբարձութեան կազմի անդամներն ու գործակից միութեանց ներկայացուցիչները:

            Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վերյուշեց Քրիստոսի Ս. Խաչի երեւման դրուագը, նշելով, որ ըստ աւանդութեան, 351-ին, Երուսաղէմի երկնակամարին վրայ երեւցած է Քրիստոսի Ս. Խաչը եւ այս հրաշքին շնորհիւ շատեր հաւատացած են Յիսուսին, մկրտուած են եւ անդամագրուած՝ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ: Վեր առնելով Քրիստոսի Խաչափայտին զօրութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոսի խաչելութեամբ, խաչը կորսնցուց իր երբեմնի անարգ մահուան նշանակութիւնը եւ դարձաւ յաղթութեան, համերաշխութեան, հաշտութեան խորհրդանիշ, բանալի՝ երկնքի դարպասները բացող ու կամուրջ՝ մարդը Աստուծոյ  առաջնորդող: «Հայերս միշտ փարած մնացինք Ս. Խաչին ու Խաչեալին, ու պարտ ենք, նոյն սկզբունքներով ու խորհուրդով դաստիարակել մեր նորափթիթ սերունդները», յորդորեց Սրբազանը:

            Այնուհետեւ, դրուատիքով խօսեցաւ ծառայական կեանքին մէջ նուիրեալներու վաստակին մասին, յորդորելով, որ որպէս Աստուծոյ հօտի անդամներ, որպէս ծխական համայնք եւ Թեմ, պէտք է մեր հաւատքի ծառայական կեանքին մէջ ըլլանք միասին՝ սատար հանդիսանալով եւ օգնելով զիրար, եւ այս բոլորէն վեր՝ Հայաստանին, Արցախին, հայ ազգին ու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ:

 

oznorWO