Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը արուեստագէտ Եղիա Պէքմեզճեանի: Տիար Պէքմեզճեան Ազգային Առաջնորդարան կ’այցելէր՝ 1902 թուականի արտադրութեան մասնատուփ մը նուիրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին, ի յիշատակ իր ծնողաց՝ Գրիգոր եւ Թագուհի Պէքմեզճեաններու:
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Տիար Պէքմեզճեանի արարքը, նշելով, որ «Կիլիկիա» թանգարանը պիտի հարստանայ պատմական նշանակութիւն ունեցող նոր իրով մը, որ պիտի յաւերժացնէ Պէքմեզճեան ընտանիքի յիշատակը: