Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Կիրակի, 18 Ապրիլ 2022-ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Քրիստոսի յարութեան, փրկութեան ու նոր կեանքի աւետիսով ու յոյսով համակելով հաւատացեալներու սրտերն ու հոգիները:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանն ու եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քահանայ Գոյունեանը: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանն ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամներ եւ շրջանի գործակից միութեան ներկայացուցիչներ:
«Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, դպրաց դասի անդամներու թափօրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրացաւ Ս. Խորան եւ մատուցեց Ս. Պատարագը: Ս. Խորանին սպասարկեցին սարկաւագաց եւ դպրաց դասի անդամները:
Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վեր առաւ Քրիստոսի Ս. Յարութեան խորհուրդը, նշելով, որ այս տօնի յիշատակումով քրիստոնէական եկեղեցին մեծահանդէս կը պանծացնէ կեանքի յաղթանակը եւ մահուան պարտութիւնը, որովհետեւ Իր յարութեամբ Քրիստոս յաղթեց մահուան, յաղթեց աշխարհին եւ մեզի էապէս նորոգեց, նոր կեանք պարգեւեց՝ առաւել կեանք տուաւ բոլորիս։ «Անմահութիւն պարգեւող Քրիստոս, որպէս մարդ թաղուեցաւ, սակայն երրորդ օրը յարութիւն առաւ եւ Իր յարութեամբ՝ մեր իսկ յարութեան երաշխիքը տուաւ», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, շեշտելով, որ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան ամենաջերմ հաւատացողներէն եղած է հայ ժողովուրդը։ Ան երբեք չէ կորսնցուցած իր յոյսը, իր անքակտելի հաւատքը իր իսկ յարութեան մասին։ Իր վէրքերէն միշտ վերակենդանացած է Քրիստոսի յարութեան մեծագոյն աւետիսով, նոր կեանքի, յաղթական գալիքի, գարնան նոր յոյսով ու երգով։ Հետեւաբար, «Այսօր նաեւ մեր ժողովուրդի Զատիկն է, յարութեան տօնն է։ Երջանիկ օր մը, լուսապայծառ առաւօտ մը յարեաւ հայ ժողովուրդը եւ իր յարուցեալ փրկչին պէս քալեց դէպի անմահութիւն, յաղթական նոր գնացքով, յաւերժին ճամբորդ դառնալով, սակայն՝ միշտ յարութեան երգը իր շրթներուն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Յարութեան աւետիսով շնորհաւորեց ներկաները եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ տօնական այս օրերուն, Յարուցեալ Փրկիչը ամրացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը, պահպանէ մեր հայրենիքը առաջնորդելով զայն դէպի խաղաղ ու բարգաւաճ կեանք։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բարձրացաւ Հայ Կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահ եւ ընդունեց գաղութիս զաւակներուն շնորհաւորանքները: